image

«Թիւֆէնկեան հիմնադրամ»ը կը շարունակէ օժանդակել Արցախի հերոս զինուորներուն

«Թիւֆէնկեան հիմնադրամ»ը  կը շարունակէ օժանդակել Արցախի   հերոս  զինուորներուն

Հայաստանի  մէջ   հասարակական   բեղուն գործունէութիւն  ծաւալով  «Թիւֆէնկեան հիմնադրամ»ը   կարեւոր ներդրումներ կ՚իրականացնէ նաեւ  Արցախի  մէջ։

 Հիմնադրամը,  որ    Արցախի մէջ իրականութիւն  կը դարձնէ  բազմապիսի   ծրագիրներ, իր  օժանդակութիւններու կարեւոր մէկ մասը կը տրամադրէ   Արցախեան սահմանները անառիկ  պահող      մեր հերոս զինուորներուն։  

Հիմնարկի Հայաստանի   տնօրէն   Ռաֆֆի  Տուտագլեան   այս մասին  «Արեւելք»ին խօսելով  նշեց, «Յատկապէս  Արցախեան քառօրեայէն   յետոյ,   որոշեցինք  օգնել       պատերազմին մասնակցած  մեր զինուորներուն  եւ օժանդակութեան ձեռք երկարել անոնց։ Ծրագիրը  սկիզբ առաւ   պատերազմէն ետք եւ     շնորհիւ մեր հիմնարկութեան բարեկամներուն եւ բարերարներուն այն կը  շարունակուի   ցայսօր»։

 

 Յիշեցնենք, որ  (ինչպէս կը պատմուի տեսանիւթին  մէջ) հիմնարկութիւնը    թուականի   քառօրեայ  պատերազմէն  ետք   տասնեակ  բնակարաններ  յատկացուցած է   մարտերուն  մասնկացած    քաջարի զինուորներուն եւ   տուն  նորոգելու,   կառուցելու եւ յանձնելու ծրագիրը    կը շարունակուի մինչեւ  օրս։