image
Հրատապ լուրեր:

Պուրճ Համուտ. «Նարեկի Տիրամօր Ընկերաբժշական Կեդրոն»ը կը շարունակէ իր առաքելութիւնը.

Պուրճ Համուտ. «Նարեկի Տիրամօր Ընկերաբժշական Կեդրոն»ը կը շարունակէ իր առաքելութիւնը.

«Այսօր մենք տեսանք ժպիտներ, երախտապարտ հայացքներ, մեկնուած ձեռքեր, եւ ջերմութիւն՝ չնայած դրացի երկիրներուն մէջ սկիզբ առած պատերազմին։

Մենք բաժնեցինք սննդեղէն կարիքաւորներուն՝ ինչպէս նաեւ խնամք եւ հոգատարութիւն։

Սրտէ բխող տաք ճաշ մը՝ յիշեցնելու համար, որ մարդկութիւնը տակաւին կենդանի է եւ կը հասնի կարօտեալին»։ 

Հայ Կաթողիկէ համայնքի հովանիին ներքոյ գործող «Նարեկի Տիրամօր Ընկերաբժշական Կեդրոն»ը (Կեդրոնը կը գտնուի հայահոծ Պուրճ Համուտ շրջանին մէջ) կը շարունակէ իր առաքելութիւնը կարիքաւորներուն օժանդակութիւններ բաշխելով:

«Արեւելք» ասոր մասին իմացաւ համացանցէն։

Ի դէպ օրերս բաշխուած օժանդակութիւններուն ու կեդրոնի տարած մարդասիրական գործունէութեան մասին գրառում մը կատարած է լիբանանահայ համայնքային գործիչ եւ կեդրոնի տնօրէն՝ Տօքթ. Կոստան Եափուճեան մասնաւորապէս գրելով՝

«Այսօր մենք տեսանք ժպիտներ, երախտապարտ հայացքներ, մեկնուած ձեռքեր, եւ ջերմութիւն՝ չնայած դրացի երկիրներուն մէջ սկիզբ առած պատերազմին։

Մենք բաժնեցինք սննդեղէն կարիքաւորներուն՝ ինչպէս նաեւ խնամք եւ հոգատարութիւն։

Սրտէ բխող տաք ճաշ մը՝ յիշեցնելու համար, որ մարդկութիւնը տակաւին կենդանի է եւ կը հասնի կարօտեալին»։ 

Մշտանորոգ առաքելութիւն կը մաղթենք այս փոքրիկ բայց կարեւոր կեդրոնի աշխատակիցներուն եւ մասնաւորապէս Տօքթ. Կոստան Եափուճեանին մաղթելով բոլորին մշտանուէր առաքելութիւն եւ քրիստոնէական բարի ոգի իրենց գործունէութեան առընթեր։