Իրանի գործողութիւնները Իսրայէլի դէմ պիտի շարունակուին մինչեւ թշնամիի ամբողջական ոչնչացումը։ Այս մասին նշուած է Իսլամական Յեղափոխութեան Պահակագունդի (Իրանի զինուած ուժերու ընտրանի ստորաբաժանումներ) յայտարարութեան մէջ։ Այս մասին կը հաղորդէ իրանեան Tasnim լրատու գործակալութիւնը։
«Յանցաւոր ռեժիմի (Իսրայէլի) կողմնակիցները պէտք է գիտնան, որ (Իրանի) արդիւնաւէտ, նպատակային եւ մահացու գործողութիւնները այդ ռեժիմի նշանակալի եւ զգայուն թիրախներուն դէմ պիտի շարունակուին մինչեւ անոր ամբողջական ոչնչացումը», – նշուած է յայտարարութեան մէջ։
Նշենք, որ Իսրայէլի կողմէ Իրանի վրայ յարձակման ընթացքին՝ 65 ժամուան ընթացքին, սպաննուած է 224 մարդ եւ մօտ 1,500՝ վիրաւորուած։ Այս մասին յայտնած է Իրանի Առողջապահութեան նախարարութիւնը։
Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարութենէն յայտնած են, որ Իսրայէլ հարուածած է նախարարութեան շէնքը, որու հետեւանքով կան վիրաւորներ, ներառեալ՝ դիւանագէտներ։
Աւելի ուշ, Իսրայէլի Պաշտպանութեան Բանակը յայտարարած է, որ հարուածներ ուղղուած են Իրանի մէջ գտնուող Իսլամական Յեղափոխութեան Պահակագունդի «Քուտս» ուժերուն պատկանող հրամանատարական կեդրոններուն։