image

Տաւուշի մէջ զինուոր մը վիրաւորուեցաւ

Տաւուշի մէջ  զինուոր մը վիրաւորուեցաւ

Տաւուշի մարզին մէջ ատրպէյճանական կողմի կրակոցէն վիրաւորուած զինծառայողի կեանքին վտանգ չի սպառնար: Ըստ «Արմենփրես»-ի՝ յայտնած է ՀՀ ՊՆ մամուլի քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեան:

«Վիրաւորուած է զինծառայող Ադիբեկ Միկոյեանը: Ան Տաւուշէն տեղափոխուած է Երեւան: Բարեբախտաբար, կեանքին վտանգ չի սպառնար»,-յայտնած է Արծրուն Յովհաննիսեան:

Ըստ NEWS.am-ի, վիրաւորուածը պայմանագրային զինծառայող 30-ամեայ Ադիբեկ Միկոյեանն է: Ան տեղափոխուած է ՀՀ ՊՆ կեդրոնական զինուորական հիւանդանոց,  վիճակը կայուն է:

Արծրուն Յովհաննիսեան ըսած է նաեւ, որ իրավիճակը Տաւուշի մէջ լարուած չէ: «Ամէն օր ալ կը կրակեն, բայց իրավիճակը լարուած չէ»,-ըսած է ՊՆ խօսնակը: