Իրանի ռեժիմը թոյլ է, պառակտուած եւ կրնայ փլուզիլ. այս մասին X-ի էջին գրած է Իրանի տապալած միապետի որդին՝ Ռեզա Փեհլեւին:
«Անխոհեմ կերպով հետամուտ ըլլալով միջուկային զէնքի ստեղծման՝ Ալի Խամենէին եւ անոր անգործունակ ու յանցագործ աւազակները Իրանը ներքաշած են պատերազմի մէջ եւ Իրանի ժողովուրդը վտանգի ենթարկած։ Անոնք պատասխանատու են։ Բայց ռեժիմը թոյլ է եւ պառակտուած։ Այն կրնայ փլուզիլ։ Ինչպէս ըսեր եմ իմ հայրենակիցներուն, Իրանը ձերն է եւ պէտք է այն վերադարձնէք։ Ես ձեզի հետ եմ։ Մնացէք ուժեղ, եւ մենք պիտի յաղթենք։ Ես ըսեր եմ զինուորականներուն, ոստիկանութեան եւ անվտանգութեան ուժերուն. անջատուեցէք ռեժիմէն։ Յարգեցէք որեւէ պատուաւոր զինծառայողի երդումը։ Միացէք ժողովուրդին», - նշած է Փեհլեւին:
Ան նաեւ դիմած է միջազգային հանրութեան՝ կոչ ընելով «եւս մէկ փրկօղակ չնետելու մեռնող, ահաբեկչական ռեժիմին»։
«Ահա թէ ինչ կը խնդրէ Իրանի ժողովուրդը, եւ այդ խաղաղութեան լաւագոյն շահերէն կը բխի», - նշած է Փեհլեւին: