Ատրպէյճանցի զինուորականները մասնակցած են Anatolian Phoenix-2025 զօրավարժութիւններուն, որոնք կը կայանան մայիս 12-էն 23-ը Թուրքիոյ Քոնիա քաղաքին մէջ։
Այս մասին յայտնած է Սփութնիք գործակալութեան ատրպէյճանական ծառայութիւնը:
Զօրավարժութիւններուն Ատրպէյճանը պիտի ներկայացնեն ռազմաօդային ուժերու օդաչուներ, որոնողափրկարարական ծառայութեան մասնագէտներ, տեխնիկական անձնակազմ եւ օդանաւային տեխնիկա։