image

Լոս Անճելըսի մէջ իրավիճակը կը շարունակէ մնալ բարդ. Թրամբ 2000 զինուոր ուղարկած է

Լոս Անճելըսի մէջ իրավիճակը կը շարունակէ մնալ բարդ.  Թրամբ  2000  զինուոր ուղարկած է

Միացեալ Նահանգներու դաշնային կառավարութիւնը որոշած է կրկնապատկել Ազգային պահակագունդի՝ Լոս Անճելըսի մէջ ներգաղթի եւ մաքսային ծառայութեան սկսած խուզարկութիւններու դէմ բողոքի ցոյցերու լոյսին տակ տեղակայուած զօրքերու թիւը՝ հասցնելով այն 4000-ի: Այս մասին Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Քեւին Նիւսոմը յայտարարած է երկուշաբթի՝ յունիսի 9-ին, X ընկերային ցանցի միջոցաւ:

Ազգային պահակագունդի նոր ստորաբաժանումներէն բացի, Լոս Անճելըս պիտի ուղարկուի նաեւ Քալիֆորնիոյ «Փենտլթըն» ճամբարէն 700 ծովային հետեւակային: Միացեալ Նահանգներու նախագահի վարչակազմը որոշումը հիմնաւորած է «դաշնային աշխատակիցներուն եւ շէնքերուն սպառնացող սպառնալիքներու աճով», գրած է AFP-ն:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ, մեկնաբանելով Լոս Անճելըսի մէջ ընթացող բողոքի ցոյցերը, անկարգութիւններ ստեղծելու համար մեղադրած է «խռովարարները եւ անկարգութիւններու կազմակերպիչները»։ Ան սպառնացած է Քալիֆորնիա ուղարկել աւելի շատ դաշնային իրաւապահ մարմիններ։ Իսկ իր «Truth Social» ընկերային ցանցի էջի գրառման մէջ Թրամփ սպառնացած է բռնութիւն կիրառել այն ցուցարարներու նկատմամբ, որոնք «անարգանք» կը ցուցաբերեն իր ուղարկած զինուորներու նկատմամբ։

Քալիֆորնիոյ նահանգապետ, դեմոկրատ Քեւին Նիւսոմը Լոս Անճելըսի մէջ բողոքի ցոյցերը ճնշելու համար ծովային հետեւակայինները օգտագործելու Թրամփի որոշումը որակած է «հակաամերիկեան»։ Նիւսոմն ըսած է, որ նման ստորաբաժանումները պէտք է պայքարին արտաքին սպառնալիքներու դէմ, եւ ոչ թէ՝ ներքին։

«Անոնց պէտք չէ ուղարկեն ամերիկեան հող՝ մեր սեփական քաղաքացիներու դէմ կռուելու եւ բռնապետ նախագահի խելայեղ քմահաճոյքը իրականացնելու համար», -ըսած է Քալիֆորնիոյ նահանգապետը։

Միաժամանակ Նիւսոմը խոստացած է դատի տալ Թրամփը։ Ամերիկեան օրէնքներու համաձայն՝ դաշնային վերահսկողութեան տակ գտնուող անվտանգութեան ուժերը անկարգութիւններու դէմ կը պայքարին կամ արտակարգ իրավիճակի պարագային ներգրաւելու համար նահանգային իշխանութիւնները պէտք է իրենք համապատասխան հարցում ներկայացնեն Ուաշինկթընին։ Մինչդեռ Թրամփ այդ ըրած է իր կամքով:

Յիշեցնենք, որ Լոս Անճելըսի մէջ զանգուածային անկարգութիւնները կը շարունակուին ուրբաթ օրուընէ։ Ցուցարարները կը բողոքեն Թրամփի խիստ ներգաղթային քաղաքականութեան, մասնաւորապէս՝ ներգաղթեալներու արտաքսման դէմ: