image
Հրատապ լուրեր:

Պոլիս. Ֆիլհարմոնիքի կազմակերպութեամբ. «օփէրայէն հնչող ձայներ» համերգը սրտեր գրաւեց

Պոլիս. Ֆիլհարմոնիքի  կազմակերպութեամբ. «օփէրայէն հնչող ձայներ» համերգը սրտեր գրաւեց

Օրերս, Ս. Լեւոն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած է Իսթանպուլի Ֆիլհարմոնիի «օփէրայէն հնչող ձայներ» խորագրով համերգը՝ բազմալեզու յայտագրով, որ համախմբած է երաժշտասէրներ, միաժամանակ արժեւորելով Մայրենի լեզուի համաշխարհային օրը եւ ստեղծելով ջերմ ու մշակութային մթնոլորտ մը։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Ծանօթ է որ Իսթանպուլի Ֆիլհարմոնիի միութիւնը միջոցէ մը ի վեր համագործակցութիւն հաստատած է հայ կաթողիկէ համայնքին հետ, իր համերգները կազմակերպելով Սագըզաղաճըի Ս. Աստուածածին առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ եւ Գատըգիւղի Ս. Լեւոն եկեղեցիներուն մէջ։ Մշակութասէր հասարակութեան համար սրտախօսիկ են «օփէրայէն հնչող ձայներ» կարգախօսով յայտագրերը, որոնք պարբերաբար կը հրամցուին Ֆիլհարմոնիի կողմէ, առիթ ստեղծելով որ ունկնդիրներ վայելեն դասական օփերաներէն անմոռանալի արիաները։

Շաբաթ գիշերուայ, 21 Փետրուարի համերգը նոյնպէս այդ շարքէն էր։ Օփերային երաժշտութեան սիրահար կոկիկ բազմութիւն մը հաւաքուեցաւ Ս. Լեւոն եկեղեցւոյ մէջ, վայելելու համար երեք մենակատարներու՝ պարիթոն Արթիւր Պաղտասարեանի, թենոր Արի Էտիրնէի եւ մեցցօ-սոփրանօ Սթարէ Չելէպիի ելոյթները՝ դաշնակահարուհի Նուրսէր Ուկանի նուագակցութեամբ։ Անոնք, որոնք Արթիւր Պաղտասարեանի ու Արի Էտիրնէի տպաւորիչ կատարումները ունկնդրած էին Ալիս Մանուկեանին նուիրուած մեծարանքի հանդիսութեան ընթացքին, այս անգամ նոյն բերկրանքի շարունակութիւնը վայելեցին, ականջալուր ըլլալով երգերու տարբեր փունջի մը։

Երեկոն անցաւ ջերմ մթնոլորտի մէջ։ Տրուած ըլլալով որ 21 Փետրուարը «Մայրենի լեզու»ի համաշխարհային օրն է, համերգի կազմակերպիչները որոշած էին զանազան լեզուներով արիաներու եւ մենակատարութիւններու տեղ յատկացնել իրենց յայտագրին մէջ։ Հնչեցին իտալերէնով, ֆրանսերէնով, գերմաներէնով, ատրպէյճաներէնով, թրքերէնով ու հայերէնով երգեր, անգամ մը եւս հաստատելով որ երաժշտութիւնը տիեզերական արժէք է եւ սահման ու ազգ չի ճանչնար։

Համայնքիս սիրուած երգիչներ Արթիւրն ու Արին թէ՛ անջատ կատարումներով, թէ՛ զուգերգներով առանձնայատուկ տպաւորութիւն թողուցին, ներկաներուն սիրտերը գրաւելով իրենց ներդաշնակ ձայնային համադրութեամբ։ Սթարէ Չելէպի նոյնպէս ծափերու արժանացաւ իր կատարումներուն առ ի գնահատանք։

Յայտագրին մէջ ընդգրկուած էին համաշխարհային օփերային գոհարներ, որոնք հրամցուեցան կատարողական յստակութեամբ եւ ոճային բարձր ճաշակով։ Ուշագրաւ էր ատրպէյճաներէնով «Գիւսիւբ կէթտի»ն, զոր երգեց Արթիւր Պաղտասարեան եւ որու երգահանն է Ա. Բաբայեան։

Պարիթոն Արթիւր Պաղտասարեան իր համերգներու ընթացքին հետեւողականօրէն տեղ կուտայ նաեւ հայ յօրինողներու ստեղծագործութիւններուն, յատկապէս ծանօթացնելով Նիկոլ Գալանտէրեանի երգերը։ Շաբաթ գիշերուայ յայտագրին մէջ երկու երգ կար այս հեղինակէն։ Արի Էտիրնէն մեկնաբանեց «Կրկին իմ հոգում»ը, իսկ Արթիւր Պաղտասարեանը «Դու նորից եկել ես ինձ համար»ը։

Դարձեա՛լ Արի Էտիրնէն է որ իր թովիչ ձայնով մեկնաբանեց «Տերտիմ պաշքա» անուն երգը։ Հաճելի զուգադիպութեամբ մը, համերգին ներկայ էր նաեւ այս երգի հեղինակը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Արիին, իր ստեղծագործութեան հոգեպարար կատարումի համար։

Աւելի քան մէկ ժամ տեւող համերգը աւարտին հասաւ ներկաներու ջերմ ծափերուն ներքեւ։ Որպէս օրուայ նուէր, երեք մենակատարները միասնաբար մեկնաբանեցին իտալացի յօրինող Ֆրանսեսքօ Սարթորիի «Քոն թէ փարթիրօ» երգը, գեղեցիկ վերջակէտ մը դնելով համերգային յայտագրին։

Ֆիլհարմոնիի Միութեան կողմէ, համերգի բոլոր մասնակիցներուն յանձնուեցան շնորհակալագրեր։ Ներկաները երաժշտութեամբ յագեցած՝ բաժնուեցան համերգի վայրէն։

***

Դիտել տանք որ Արի Էտիրնէ եւ Սթարէ Չելէպի Սամսունի օփերայի մենակատարներ են։ Արին առժամաբար հանդէս կուգայ Իսթանպուլի օփերային մէջ։