Լիբանանի հայ կաթողիկէ համայնքի հոգեւոր կեանքին մէջ նշանակալի իրադարձութիւն մը արձանագրուեցաւ Շաբաթ, 21 Մարտ 2026-ին, երբ Լիբանանի մէջ հանդիսաւոր պայմաններու տակ տեղի ունեցաւ Հայրապետական Սուրբ Պատարագ եւ սարկաւագական ձեռնադրութիւն։ Սուրբ արարողութիւնը, որ համախմբեց հաւատացեալներու լայն շրջանակներ, նշանաւորուեցաւ թէ՛ իր հոգեւոր խորքով եւ թէ՛ համայնքային համախմբումով՝ վերածուելով հաւատքի ու նուիրումի վկայութեան։
Շաբաթ, 21 Մարտ 2026-ի առաւօտեան ժամը 11:00-ին, Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ, հայ եկեղեցւոյ մեծագոյն սուրբերէն՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի տօնին առիթով, Հայրապետական Սուրբ Պատարագ մատուցեց Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքը։
Հայրապետին առնթերակայ եղան՝ Վարդան Վրդ. Ճալուֆն ու Ռաֆայէլ Վրդ. Ժաուհարժին: Արարողութեան ընթացքին տեղի ունեցաւ կիսասարկաւագ Պօղոս Էմիշեանի սարկաւագական ձեռնադրութիւնը՝ խարտաւիլակութեամբ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդ եւ Մայրավանքի Մեծաւոր Մաշտոց Թ.Ծ.Վ. Զահթերեանի:
Կաթողիկոս Պատրիարքը հայրապետական իր ոգեշնչող քարոզին մէջ անդրադարցաւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի անձնուէր կեանքին եւ անոր թողած անջնջելի ժառանգութեան։ Հովուապետը իր պատգամին մէջ նաեւ շեշտեց, որ Լուսաւորչի տօնը սոսկ պատմական յիշատակութիւն չէ, այլ հրաւէր՝ վերանորոգելու մեր քրիստոնէական ուխտը։
«Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչը մեզի սորվեցուց, որ հաւատքը ամենամութ խորխորատներն անգամ լուսաւորելու զօրութիւնն ունի» նշեց Հոգեւոր Տէրը։ Ան յատուկ կերպով դիմեց նորօծ սարկաւագին՝ յորդորելով զայն ըլլալ տիպար ծառայող, որպէսզի իր կեանքով ու գործով դառնայ կենդանի վկան Աւետարանի լոյսին։ Հայրապետը նաեւ աղօթք բարձրացուց առ Աստուած՝ հայցելով Սուրբին բարեխօսութիւնը, որպէսզի համայն հայութիւնը մնան տոկուն իրենց հաւատքի ու ազգային արժէքներուն մէջ։
Սուրբ Պատարագի արարողապետութիւնը վստահուած էր Զմմառու դպրեվանքի տեսուչ Կարապետ Վրդ. Գըլնճեանին։ Խորանի սպասաւորութիւնը բարձրագոյն մակարդակով կատարեցին Զմմառու դպրեվանեցիները՝ ընկերակցութեամբ ժողովրդապետութեան «Յիսուսի Բարեկամներ» խումբին։ Հոգեպարար երգեցողութեամբ հանդէս եկաւ «Արծիւեան» երգչախումբը՝ ղեկավարութեամբ կիսասարկաւագ Նշան Մարաշլեանի, որոնց շարականներու կատարումը յաւելեալ ջերմեռանդութիւն փոխանցեց ներկայ հաւատացեալներուն։
Եկեղեցին յորդած էր հաւատացեալներու հոծ բազմութեամբ։ Ներկայ էին Պէյրութի Պատրիարքական թեմի Օգնական Եպիսկոպոս Գրիգոր Եպս. Պատիշահ, Յովհաննէս Եպս. Թէյրուզեան, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ հայ եւ օտարազգի վարդապետներ, քահանաներ ու մայրապետներ։ Հանդիսութեան կը մասնակցէին նաեւ հայկական վարժարաններու տնօրէններ, միութենականներ եւ նորընծայ սարկաւագին ընտանեկան պարագաները։
Օրուան ամենայուզիչ պահերէն մէկը Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի ծունկի մասունքին ներկայութիւնն էր, որ յատուկ հրամանով բերուած էր Զմմառու դարաւոր Մայրավանքի թանգարանէն։ Պատարագի աւարտին, Զմմառավանքի փոխ մեծաւոր Նարեկ Վրդ. Լուիսեան հանդիսաւոր թափօրով մասունքը բարձրացուց խորան, ուր Հայրապետը անով օրհնեց համայն հայ ժողովուրդն ու ներկայ հաւատացեալները։
Արարողութեան աւարտին, հաւատացեալները հնարաւորութիւն ունեցան մօտենալու եւ համբուրելու սուրբին մասունքը։ Այնուհետեւ, Հ.Կ.Մ.-ի «Նիրվա եւ Վարուժ Ներկիզեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, որուն ընթացքին կատարուեցաւ կարկանդակի հատում։ Ներկաները իրենց սրտագին շնորհաւորանքները փոխանցեցին նոր ծառայութեան կոչուած եւ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան անդամակցած սարկաւագին՝ մաղթելով անոր բարի եւ արդիւնաւէտ ծառայութիւն հայ եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս։



