Ռուսիայէն մեկնած թրքական ALTURA նաւթատար նաւը, որ կը փոխադրէր 140 հազար թոն նաւթ, անօդաչու թռչող սարքի հարուածի ենթարկուած է։ Այս մասին կը հաղորդէ թրքական NTV հեռուստակայանը։
Դէպքը տեղի ունեցած է Սեւ ծովու բաց հատուածին մէջ եւ ուղեկցուած է հզօր պայթումով։ Նաւուն կամուրջը վնասուած է։ Կը հաղորդուի, որ նաւու մեքենայական բաժինը ջուր լեցուած է։
ԱԹՍ-ի հարուած ստացած նաւը օգնութեան ազդանշան տալէն ետք, դէպքի վայր ուղարկուած են առափնեայ պահպանութեան ծառայութիւնները, ծովային անվտանգութեան ուժերը եւ Nene Hatun մասնագիտացած արտակարգ արձագանգման նաւը։
Քանի դեռ կը շարունակուին նաւուն օգնութիւն ցուցաբերելու աշխատանքները, իրաւասու մարմիններու կողմէ պաշտօնական յայտարարութիւն դեռ չէ տրուած այն մասին, թէ արդեօք այս դէպքը յարձակում էր, թէ՝ ոչ։
Կը հաղորդուի, որ անձնակազմին մէջ տուժածներ չկան, իսկ անձնակազմի 27 թուրք անդամներու առողջական վիճակը կը գնահատուի լաւ։