image
Հրատապ լուրեր:

Ստեղծուած իրավիճակի լոյսին տակ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան ընդունած է երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանը

Ստեղծուած իրավիճակի լոյսին տակ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան ընդունած է երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանը

Ինչպէս ամբողջ Լիբանանը, նոյնպէս ալ Պէյրութի հայահոծ թաղամասերը կը շարունակեն դիմագրաւել ծանր օրեր, երբ ապահովական լարուածութիւնը եւ ընկերային ճնշումները կը խորանան՝ ուղղակի վատ ազդեցութիւն ունենալով բնակչութեան առօրեայ կեանքին վրայ։ Իսրայէլեան վերջին յարձակումներուն լոյսին տակ, տեղական իշխանութիւնները աւելի եւս կը շեշտեն համադրուած աշխատանքին կարեւորութիւնը՝ համայնքը պաշտպանելու եւ կարիքաւորներուն աջակցելու համար։

Այս ընդհանու պայմաններուն մէջ, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Տիար Մարտիկ Պօղոսեան կը շարունակէ հանդիպումներու եւ յարաբերական աշխատանքային իր գործունէութիւնը եւ այս ծիրին մէջ ան օրերս ընդունած է Մեթնի երեսփոխաններէն՝ Իպրահիմ Քանաանը։

 Ստորեւ այդ մասին Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի էջին հրապարակուած հաղորդագրութիւնը՝

Այսօր՝ չորեքշաբթի, 25 Մարտ 2026-ին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան ընդունեց երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանը քննարկելու համար շրջանի ընդհանուր իրավիճակը։ 

Հանդիպման ընթացքին երկուստեք քննարկուած են շրջանի ընդհանուր կացութիւնը, մասնաւորապէս՝ ապաստանման կեդրոնները եւ տեղահանուածներու կարիքները, ինչպէս նաեւ ընկերային ճգնաժամերն ու անվտանգային պայմանները։

 Իր կարգին Քաղաքապետ Պօղոսեան ներկայացուցած է քաղաքապետարանի գործադրած ջանքերը, որոնք կը կատարուին համապատասխան մարմիններուն հետ համադրուած կերպով՝ նպատակ ունենալով արձագանգել բազմատեսակ կարիքներուն եւ հնարաւորինս մեղմել տեղի բնակչութեան վրայ ծանրացող ճգնաժամերուն հետեւանքները։