image

Իրան պաշտօնապէս հաստատած է Ալի Լարիժանիի մահը

Իրան պաշտօնապէս հաստատած է Ալի Լարիժանիի մահը

Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Լարիժանին մահացած է, յայտնած է անոր գրասենեակը Telegram-ալիքով:

«Ես՝ Աստծոյ ծառաս, վերամիաւորուեցիայ Աստծոյ հետ»,-ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Ըստ Fars գործակալութեան տուեալներու՝ Լարիժանին ինկած է ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլի կործանիչներու հարուածի տակ իր աղջկան բնակարանին մէջ՝ որդիին, տեղակալներէն մէկու եւ քանի մը թիկնապահներու հետ միասին: Անոր գրասենեակը հերքած է այս տեղեկութիւնը:

Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանը խոստացած է դաժան վրէժխնդրութիւն Լարիժանիի մահուան համար եւ ցաւակցութիւն յայտնած է անոր մահուան կապակցութեամբ: