Չորեքշաբթի 25 Մարտ 2025-ի, առաւօտեան, ժամը 11։30-ին, Գերապատիւ Տէր Յովհաննէս Ծ. Վրդ. Սաղտըճեան, ներկայ գտնուեցաւ Յունաստանի Ազգային տօնին առթիւ տեղի ունեցած աշակերտական տողանցքին Լիմասոլի մէջ։
Յունաստանի Ազգային Տօնը կը նշուի ի յիշատակ 1821 թուականի Յունական անկախութեան պատերազմին սկիզբին, երբ յոյները ապստամբեցան Օսմանեան տիրապետութեան դէմ՝ իրենց ազատութիւնը վերագտնելու նպատակով։ Այս օրը միաժամանակ ունի նաեւ կրօնական խորհուրդ, քանի որ կը համընկնի Աւետման տօնին, եւ այդ պատճառով կը միախառնէ ազգային ու հոգեւոր արժէքներ։
Այս իւրայատուկ տօնը, ինչպէս Յունաստանի այնպէս ալ կը նշուի նաեւ Կիպրոսի մէջ եւ նոյն ծիրին մէջ Կիպրոսի Լիմասոլ քաղաքի հոգեւոր հովիւ Գերպ. Տ. Յովհաննէս ծ.վրդ. Սաղտըճեան իր մասնակցութիւնը բերած է քաղաքին մէջ տեղի ունեցած տօնական տողանցքին։
Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք Լիմասոլի Սուրբ Գէորգ Եկեղեցւոյ դիմատետրեան էջի գրառումը՝
Չորեքշաբթի 25 Մարտ 2025-ի, առաւօտեան, ժամը 11։30-ին, Գերապատիւ Տէր Յովհաննէս Ծ. Վրդ. Սաղտըճեան, ներկայ գտնուեցաւ Յունաստանի Ազգային տօնին առթիւ տեղի ունեցած աշակերտական տողանցքին Լիմասոլի մէջ։


