image

Փաշինեան կը խոստանայ լուծել զինծառայողներու բնակարանի հարցը

Փաշինեան կը խոստանայ լուծել զինծառայողներու բնակարանի  հարցը

Կառավարութեան կողմէ առաջիկային նախատեսուող որոշմամբ՝ չորս տարուան ընթացքին պիտի լուծուի ՀՀ զինուած ուժերու զինծառայողներու բնակարանային ապահովման ծրագրի հերթացուցակին մէջ գրանցուած անձանց բնակապահովման խնդիրը։

ՀՀ Գեղարքունիքի մարզի Մարտունիի համայնքի բնակիչներու հետ հանդիպման այս մասին ըսած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։

«Որոշումը հիմա ընդունում ենք, ֆինանսաւորումը բացում ենք եւ 4 տարում բոլոր տները տալիս ենք»,-հաւաստիացուցած է վարչապետը։

Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանն ալ աւելցուցած է, որ կը նախատեսուի տարեկան կտրուածքով լուծել հերթագրուած շուրջ 800 բնակապահովման խնդիր։