image
Հրատապ լուրեր:

Տ. Աբրահամ եպս. Մկրտչեան հրաժարեցաւ Վանաձորի Առաջնորդի իր պաշտօնէն 

Տ. Աբրահամ եպս. Մկրտչեան հրաժարեցաւ Վանաձորի Առաջնորդի իր պաշտօնէն 

Ն. Ս. Օ. Տ. Տ. Գարեգին Երկրորդ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի՝ մարտ 16, 2026 թուակիր Հայրապետական տնօրինութեամբ Վայոց Ձորի թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Աբրահամ արքեպիսկոպոս Մկրտչեանը ազատ  կացուցուած է թեմակալ առաջնորդի պաշտօնէն եւ կոչուած հանգստեան՝ իր գրաւոր եւ բանաւոր դիմումներու հիման վրայ։

Այս մասին յայտնած են Մայր Աթոռէն:

Հայրապետական տնօրինութեամբ Սիւնեաց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Մակար եպիսկոպոս Յակոբեանը համատեղութեան կարգով նշանակուած է Վայոց Ձորի թեմի առաջնորդական տեղապահ՝ իրականացնելու թեմակալ առաջնորդի պարտականութիւնները։