image

Տաք եղանակի պատճառով օձերը լեցուած են Անթալիա

Տաք եղանակի պատճառով օձերը լեցուած են Անթալիա

Տաք եղանակի պատճառով օձերը լեցուած են Թուրքիոյ Անթալիա քաղաքը, յայտնած է Halk TV հեռատեսիլային ալիքը:

«Այս տարի փրկարարական ջոկատները բնակելի տարածքներէն դուրս հանած են 106 օձ։ Յաճախակի դարձած հաղորդագրութիւններն անհանգստութիւն առաջացուցած են քաղաքին մէջ»,- յայտնած է հեռատեսիլային ալիքը։

Նշուած է, որ տարածաշրջանի օդի ջերմաստիճանի բարձրացումը յանգեցուցած է անոր, որ օձերը մուտք կը գործեն ոչ միայն տուներ, այլեւ գրասենեակներ եւ ինքնաշարժներ: