Փարիզի Լուվրի թանգարանի գրադարանի եգիպտական հնութիւններու բաժինէն ջուրի արտահոսքի պատճառով վնասուած են հարիւրաւոր գիրքեր եւ այլ փաստաթուղթեր, հաղորդած է NBC News։«Արտահոսքի պատճառով վնասուած է 300-էն 400 ստեղծագործութիւն», - ըսած է թանգարանի գլխաւոր վարիչի տեղակալ Ֆրենսիս Սթէյնպոք:
Անոր խօսքով՝ անոնք եգիպտագիտական ամսագիրներ եւ գիտական փաստաթուղթեր են, որոնք կ'օգտագործեն հետազօտողները: Այս կազմուած գիրքերը կը թուագրուին 19-րդ դարու վերջէն մինչեւ 20-րդ դարու սկիզբ:
«Մեր մշակութային ժառանգութեան մաս կազմող ոչ մէկ գիրք վնասուած է: Անոնք չափազանց օգտակար եւ յաճախ օգտագործուող փաստաթուղթեր են, բայց բոլորովին ալ եզակի չեն աշխարհին մէջ: Անոնք կը չորնան, մենք կ'ուղարկենք կազմարարարի մօտ վերականգնման համար, ապա կը վերադարձուին իրենց տեղը», - նշած է թանգարանի ներկայացուցիչը:
Tribune de l'Art նախապէս հաղորդած էր, որ 26 նոյեմբերին աշխարհի ամենայայտնի թանգարաններէն մէկուն մէջ ջուրի արտահոսք եղած է։ Այժմ այդ պաշտօնապէս հաստատուած է։