Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Սպիտակ տան մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսին վստահեցուցած է, որ թոյլ պիտի չտայ Ուքրանիոյ դէմ Ռուսիոյ պատերազմը վերաճի համաշխարհային հակամարտութեան։
«Կը կարծեմ՝ այդ կրնայ յանգեցնել երրորդ համաշխարհային պատերազմի, բայց այն պիտի չպատահի»,– ըսած է Թրամփ։
Ան կրկին անգամ Ուքրանիոյ մէջ ծաւալուն պատերազմի բռնկման պատճառ համարած է իր նախորդ՝ Ճօ Պայտընի սխալ քաղաքականութիւնը։
Թրամփ՝ իր խօսքով, կը փորձէ աւարտել Ուքրանիոյ պատերազմը «միայն մարդոց հոգիները փրկելու համար»։
«Ես սա մեզի համար չեմ ըներ։ Ես սա կ՚ընեմ Եւրոպային օգնելու համար, թէեւ մեզի անոնցմէ ովկիանոսը կը բաժնէ։ Անոնք կ՚ուզեն որ պատերազմը աւարտի, բայց չեն կրնար։ Իսկ ես կրնամ։ Կը կարծեմ՝ մենք պիտի յաջողինք եւ շատ կեանքեր պիտի փրկենք։ Պէտք է այս գործը ըլլայ»,– ըսած է Միացեալ Նահանգներու նախագահը։
Նոյն մամլոյ ասուլիսին Սպիտակ տան ղեկավարը յայտնած է, որ իր հանդիպումը Վլատիմիր Փութինի հետ Պուտափեշթի մէջ «յաւանական է՝ երկու շաբաթուան ընթացքին» կայանայ։ Ան շեշտած է, որ Փութինի եւ Զելենսքիի յարաբերութիւնները «սարսափելի» են, եւ այդ կացութիւնը կը խանգարէ կազմակերպել անոնց միասին հանդիպումը։