image

Տանըլտ Թրամփ. «Մենք տեղի պիտի չտանք»

Տանըլտ Թրամփ. «Մենք տեղի  պիտի չտանք»

Միացեալ Նահանգներու գործող նախագահ՝ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ երբեք չ'ընդունիր ընտրութիւններու իր պարտութիւնը, կը հաղորդէ ria.ru-ն։

 

«Մենք երբեք չենք յանձնուիր»,- յայտարարած Է Թրամփ՝ ելոյթ ունենալով Սպիտակ տան մօտ հաւաքուած տասնեակ հազարաւոր կողմնակիցներու առջեւ:

 

Թրամփ ընտրութիւններու ենթադրեալ խախտումները անուանած է «վրդովեցուցիչ»։

 

ԱՄՆ-ի նախագահ Թրամփ վերստին կոչ ըրած է փոխնախագահ Մայք Փենսին միջամտելու Գոնկրէսի մէջ ընտրիչներու ձայներու հաշուարկի գործընթացքին:

 

«Եթէ Մայք Փենս ամէն ինչ ճիշդ ընէ, մենք կը յաղթենք ընտրութիւններուն»,-յայտարարած է Թրամփ:

 

Նշենք, որ ԱՄՆ-ի գործող նախագահ՝ Տանըլտ Թրամփի տասնեակ հազարաւոր կողմնակիցները նախագահական ընտրութիւններու արդիւնքներուն դէմ բողոքի ցոյցեր ըրած են։

 

ԱՄՆ-ի փոխնախագահ՝ Մայք Փենս, որպէս Ծերակոյտի նախագահ, պէտք է Գոնկրէսի երկու պալատներուն հետ հաստատէ նախագահական ընտրութիւններու քուէարկութեան արդիւնքները։

 

Յիշեցնենք, որ պաշտօնական տուեալներով՝ նախագահական ընտրութիւններուն յաղթած է դեմոկրատ Ճօ Պայտըն, որ հաւաքած է ընտրիչներու 306 ձայնը: Թրամփ չ'ընդունիր իր պարտութիւնը։