Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց նախարար՝ Մեւլութ Չաւուշօղլուն յայտարարած է, որ խօսք չի կրնար ըլլալ Ռուսաստանէն գնուած S-400 համակարգերը Ուքրանիային փոխանցելու հարցով։
Թրքական Miliyet-ի հաղորդմամբ՝ Մեւլութ Չաւուշօղլուն նշած է, որ իրենք կարիք ունին հակաօդային պաշտպանութեան եւ աւելին, նոր տարբերակներ կը փնտռեն։
Ան շեշտած է, թէ կը նախընտրեն գնել ՀՕՊ համակարգեր իրենց դաշնակիցներէն, սակայն եթէ իրականանայ, այլ տարբերակներ եւս կը դիտարկուին։