Սուրիոյ Երթեւեկութեան նախարար Ալի Համմուտ յայտնած է, որ Յորդանանի հետ սահմանային անցակէտ տանող ճամբան , որ 2011 թուականէն փակ էր, պատրաստ է վերաշահարկուելու, եւ կառավարութիւնը կը քննարկէ մօտ ապագային անոր վերաբացման հարցը:
«Ալ Ժատիտ» լրատուական կայքին համաձայն, մինչեւ 2011 թուականի պատերազմի բռնկումը, իւրաքանչիւր տարի սահմանային Նասիպ անցակէտէն միլիառաւոր տոլարի արժէքով ապրանքի փոխանակում տեղի կ'ունենար, հետեւաբար 7 տարիներէ ի վեր անոր փակ մնալը զգալի վնաս հասցուց թէ' Սուրիոյ, թէ' դրացի երկիրներու տնտեսութեան:
«Ռոյթըրզ» լրատուական գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին նախարար Համմուտ նշած է նաեւ, որ Սուրիոյ կառավարութիւնը տակաւին Յորդանանի կողմէ անցակէտը վերաբանալու առաջարկ չէ ստացած:
Նախարարին հաւաստմամբ, օտարերկրեայ օդանաւի ընկերութիւններ արդէն պատրաստակամութիւն կը յայտնեն դէպի Սուրիա թռիչքներ իրականացնելու: