Մարտ 21-էն 31-ը Թուրքիոյ հետ սահմանի «Մարգարա» անցակէտը պիտի բացուի՝ Սուրիա մարդասիրական բեռեր ուղարկելու համար։ Որոշումն ընդունուած է կառավարութեան մարտ 20-ի նիստին։
Նախագիծը չզեկուցուող հարցերու շարքին էր։ Որոշման հիմնաւորման մէջ նշուած է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան համապատասխան գերատեսչութիւններու ներկայացուցիչներու աշխատանքային հանդիպումներու շնորհիւ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է քննարկել նաեւ Հայաստանի կողմէ Սուրիոյ մարդասիրական աջակցութիւն ցուցաբերելու հարցը:
Տուեալ պահուն «Մարգարա» անցակէտը չի գործեր, իսկ գործող իրաւական կարգաւորումներով անհնար է նշուած սահմանային կէտով բեռերու եւ փոխադրային միջոցներու անցումը:
«Նախագծի ընդունումը հնարաւորութիւն կը ստեղծի Հայաստանի Հանրապետութեան անունից Սիրիայի Արաբական Հանրապետութիւն ուղարկուելիք, մարդասիրական օգնութեան համար նախատեսուած բեռներն առաւել արագ եւ նուազ ծախսերով տեղ հասցնելու համար», – նշուած է հիմնաւորման մէջ: