image

Սպանութիւն Գիւմրիի մէջ. դանակով վնասած են կնոջ պարանոցը, իսկ վիրաւորներէն մէկը վիրահատուած

Սպանութիւն Գիւմրիի մէջ. դանակով վնասած են կնոջ պարանոցը, իսկ վիրաւորներէն մէկը վիրահատուած

Երէկ Գիւմրիի մէջ տեղի ունեցած է սպաննութիւն: Դէպքի վայրէն մարմնական վնասուածքներով Գիւմրիի բժշկական կեդրոն տեղափոխուած են տուժողները, որոնցմէ մէկը վիրահատուած է, իսկ միւսի վիճակը բաւարար է։ Այս մասին յայտնած են բժշկական կեդրոնէն։

ԲԿ-էն յայտնեցին, որ ժամը 14:30-ի սահմաններուն, Գիւմրիի ԲԿ ընդունուած են սուր կտրող ծակող գործիքով վնասուածքներ ստացած երկու քաղաքացի:

Քաղաքացիներէն մէկը 1988-ի ծնունդ  կին մըն է, որու մօտ նախնական տուեալներով ախտորոշուած է պարանոցի աջ կողմնային մակերեսի կտրուած-արիւնահոսող վէրք: Կինը ստացած է առաջին բուժօգնութիւն։

Վիրաւորում ստացած միւս քաղաքացին՝  1993-ի ծնունդ տղամարդ է, որ ենթարկուած է վիրահատութեան:

Աւելի վաղ shamshyan.com-ը հաղորդած էր, որ այսօր՝ ժամը 15։20-ի սահմաններուն, ոստիկանութեան Շիրակի մարզային վարչութիւնը ահազանգ ստացած է, որ Գիւմրի քաղաքի Մուշ 2 թաղամասի 10/2 շէնքի բակը դիակ մը կայ։

Ոստիկաններն ու քննիչները նշուած վայրը յայտնաբերած են 37-ամեայ Ռաֆիկ Մնացականեանի դիակը։ Դատաբժշկի յայտնած նախնական տուեալներով՝ մարմնին վրայ կան դանակի հարուածներու բազմաթիւ հետքեր։

Յարուցուած է քրէական գործ՝ ՀՀ ՔՕ 104 յօդուածի 1-ին մասի (սպաննութիւն) յատկանիշներով։

Լուրը՝ News.am-էն: