Հայաստանի Անկախութեան հռչակագրի խնդիրը եւ Սահմանադրութեան խնդիրը Հայաստանի ներքին խնդիրն է, Հայաստանը այդ որեւէ արտաքին ուժի հետ չէ քննարկած եւ պիտի չքննարկէ:
Այս մասին ըսած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը լրագրողներու հետ զրոյցին՝ անդրադառնալով նոր Սահմանադրութիւն ընդունելու, Սահմանադրութեան ներածութենէն Անկախութեան հռչակագրին յղումը հանելու վերաբերեալ հարցին:
«Անկախութեան հռչակագրի խնդիրը եւ մեր Սահմանադրութեան խնդիրը մեր ներքին խնդիրն է, որովհետեւ դա անհրաժեշտ է մեզ եւ ոչ թէ ուրիշներին՝ մեզ աշխարհում ճիշդ դիրքաւորելու համար: Անկախութեան հռչակագիրը ոչ թէ անկախութեան հռչակագիր է, դա կոնֆլիկտի հռչակագիր է, արդիւնքում կախուածութեան հռչակագիր է»,-ըսած է Փաշինեանը:
Ըստ անոր՝ այդ միջավայրին մէջ հնարաւոր է ապրիլ միայն ու միայն արտաքին օգնութիւն ակնկալելով: Իսկ արտաքին օգնութիւն ակնկալելը պիտի դնէ շարունակաբար ահագնացող կախուածութեան մէջ անոնցմէ, որմէ այդ օգնութիւնը կ՚ակնկալուի:
«Եւ, հետեւաբար, Անկախութեան հռչակագիրը կոնֆլիկտի եւ կախուածութեան հռչակագիր է: Սահմանադրութիւնն ու այս խօսակցութիւնը մեզ է պէտք, դա մեր ներքին օրակարգի հարց է: Մենք դա արտաքին որեւէ ուժի հետ չենք քննարկել, չենք քննարկում եւ չենք քննարկելու: Մենք դա քննարկում ենք մեր ժողովրդի հետ»,-ընդգծած է վարչապետը:
Նոր Սահմանադրութեան նախագիծին մէջ յստակ կը յիշատակուի Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին. Փաշինեան
Հայաստանի նոր Սահմանադրութեան բնագրի նախագիծին մէջ յստակ կը յիշատակուի Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին:
Կառավարութեան նիստէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցին այս մասին վստահեցուցած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը՝ անդրադառնալով հարցին, թէ կան մտավախութիւններ, որ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ բացառիկ դերի յիշատակումը Սահմանադրութեան բնագրէն դուրս պիտի գայ:
«Մենք աշխատում ենք Սահմանադրութեան նախագծի վրայ: Ես այսօր էլ եմ անցել Սահմանադրութեան նախագծով: Եւ այնտեղ շատ յստակ յիշատակւում է Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին»,-ըսած է Փաշինեանը: