image

Փենթակոնը 200 միլիառ տոլար կը խնդրէ Իրանի դէմ պատերազմի համար. Washington Post

Փենթակոնը 200 միլիառ տոլար կը խնդրէ Իրանի դէմ պատերազմի համար. Washington Post

Փենթակոնը Սպիտակ տունէն խնդրած է Քոնկրեսին ներկայացնել աւելի քան 200 միլիառ տոլարի յայտ՝ պահանջագիր, Իրանի դէմ պատերազմը ֆինանսաւորելու եւ սպառած զինամթերքի պաշարները համալրելու համար։ Այս մասին գրած է Washington Post-ը։

Այս գումարը նախատեսուած է վերջին երեք շաբաթներու ընթացքին ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլի կողմէ իրականացուած հազարաւոր հարուածներու հետեւանքով սպառուող սպառազինութեան արտադրութիւնն արագցնելու համար, քանի որ միայն առաջին շաբթուան ծախսերը գերազանցած են 11 միլիառ տոլարը։

Նախագիծը մշակուած է պաշտպանութեան փոխնախարար Սթիւըն Ֆէյնպըրկի կողմէ, սակայն Քոնկրեսին մէջ կը սպասուի լուրջ քաղաքական դիմադրութիւն՝ դեմոկրատներու քննադատութեան եւ հանրային աջակցութեան պակասի պատճառով։

Թէեւ հանրապետականները հակուած են աջակցելու այս պահանջին, Սպիտակ տան որոշ պաշտօնեաներ կը կասկածին անոր հաստատման իրատեսականութեան՝ նկատի ունենալով նաեւ նախագահ Թրամփի նախկին քննադատութիւնը Ուքրանիոյ յատկացուած նման ծաւալի օգնութեան վերաբերեալ։