Երէկ Գիւմրիի մէջ տեղի ունեցած է սպաննութիւն: Դէպքի վայրէն մարմնական վնասուածքներով Գիւմրիի բժշկական կեդրոն տեղափոխուած են տուժողները, որոնցմէ մէկը վիրահատուած է, իսկ միւսի վիճակը բաւարար է։ Այս մասին յայտնած են բժշկական կեդրոնէն։
ԲԿ-էն յայտնեցին, որ ժամը 14:30-ի սահմաններուն, Գիւմրիի ԲԿ ընդունուած են սուր կտրող ծակող գործիքով վնասուածքներ ստացած երկու քաղաքացի:
Քաղաքացիներէն մէկը 1988-ի ծնունդ կին մըն է, որու մօտ նախնական տուեալներով ախտորոշուած է պարանոցի աջ կողմնային մակերեսի կտրուած-արիւնահոսող վէրք: Կինը ստացած է առաջին բուժօգնութիւն։
Վիրաւորում ստացած միւս քաղաքացին՝ 1993-ի ծնունդ տղամարդ է, որ ենթարկուած է վիրահատութեան:
Աւելի վաղ shamshyan.com-ը հաղորդած էր, որ այսօր՝ ժամը 15։20-ի սահմաններուն, ոստիկանութեան Շիրակի մարզային վարչութիւնը ահազանգ ստացած է, որ Գիւմրի քաղաքի Մուշ 2 թաղամասի 10/2 շէնքի բակը դիակ մը կայ։
Ոստիկաններն ու քննիչները նշուած վայրը յայտնաբերած են 37-ամեայ Ռաֆիկ Մնացականեանի դիակը։ Դատաբժշկի յայտնած նախնական տուեալներով՝ մարմնին վրայ կան դանակի հարուածներու բազմաթիւ հետքեր։
Յարուցուած է քրէական գործ՝ ՀՀ ՔՕ 104 յօդուածի 1-ին մասի (սպաննութիւն) յատկանիշներով։
Լուրը՝ News.am-էն: