Շտապօգնութեան շուրջ 150 մեքենայ ոչնչացուած է Իրանի մէջ բողոքի ցոյցի ժամանակ ծայր առած անկարգութիւններու ընթացքին, յայտնած է իրանեան Tasnim գործակալութիւնը:
Նշուած է, որ ցուցարարները յարձակած են բուժհաստատութիւններու եւ արտակարգ ծառայութիւն կատարող մարմիններու շէնքերու վրայ։
Հաղորդուած է նաեւ, որ իրանական քաղաքներու մէջ սովորական ռեժիմով կ՚աշխատի խանութներու մեծ մասը, սակայն ստիպուած են փակուիլ մինչ երեկոյ՝ բողոքի ալիքներու լոյսին տակ, որոնք կը զուգակցուին անկարգութիւններով ու ոստիկաններու հետ բախումներով:
Օրինակ՝ Թեհրանի մէջ գրեթէ բոլոր առեւտրային կէտերը փակ են մինչեւ 18:00-ն:
Աղբիւրի հաղորդմամբ՝ իրավիճակն Իրանի շարք մը քաղաքներու մէջ կը մնայ լարուած: