image
Հրատապ լուրեր:

Իրան հարուածած է Քաթարի կազային հանգոյցները. կան զգալի աւերածութիւններ

Իրան հարուածած է Քաթարի կազային հանգոյցները. կան զգալի աւերածութիւններ

Իրանը հրթիռային հարուածներ հասցուցած է Քաթարի «Ռաս Լաֆան» արդիւնաբերական քաղաքին, որ երկրի գլխաւոր կազային հանգոյցն է։ Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, որ կազային համալիրը լուրջ վնասներ կրած է բռնկած հրդեհներուն պատճառով։ «QatarEnergy» ընկերութիւնը հաստատած է, որ թիրախաւորուած են նաեւ այլ կազային կառոյցներ, սակայն աշխատակիցներու շարքին զոհեր կամ վիրաւորներ չկան։ Այս մասին կը հաղորդէ Al Jazeera-ն։

Այս յարձակումը տեղի ունեցած է այն բանէ ետք, երբ Իրանը սպառնացած էր հարուածել Պարսից ծոցի նաւթակազային ենթակառոյցները՝ ի պատասխան Իսրայէլի կողմէ իրանական «Հարաւային Փարս» հանքավայրի ռմբակոծման։ Իրանի թիրախներու ցանկին մէջ ընդգրկուած են նաեւ Սէուտական Արաբիոյ եւ Միացեալ Արաբական Էմիրութիւններու ուժանիւթային համալիրները։ Իբրեւ պատասխան՝ Քաթարի իշխանութիւնները երկրէն արտաքսած են Իրանի դեսպանատան ռազմական կցորդները եւ անոնց անձնակազմը։

Մարտ 2-էն Քաթարը պաշտօնապէս դադրեցուցած էր հեղուկացուած բնական կազի (ՀԲԿ/LNG) արտադրութիւնը։ Պատճառը «Ռաս Լաֆան» համալիրի եւ «Մեսայէտ» արդիւնաբերական քաղաքի ելեկտրակայանի ջուրի պահեստարանի վրայ կատարուած յարձակումներն են։ «Ռաս Լաֆան»-ը աշխարհի խոշորագոյն կազային հանգոյցն է, որ կ՚ապահովէ համաշխարհային մատակարարումներու մօտ 20 տոկոսը եւ առանցքային դեր ունի Ասիոյ եւ Եւրոպայի ուժանիւթի շուկաներու հաւասարակշռման մէջ։

Իսրայէլի կողմէ թիրախաւորուած Հարաւային Փարս հանքավայրը եւ Ասալույէ արդիւնաբերական գօտին կենսական նշանակութիւն ունին Իրանի ուժանիւթային անվտանգութեան եւ տնտեսութեան համար, քանի որ կը հանդիսանան երկրի վառելիքային եւ արտարժութային հիմնական աղբիւրները։

Հարաւային Փարսը կը համարուի աշխարհի խոշորագոյն կազի հանքավայրը, որու իրանական հատուածը կ՚ապահովէ երկրի ներքին կազի սպառման աւելի քան եօթանասուն տոկոսը եւ կը կազմէ ելեկտրականութեան արտադրութեան գլխաւոր հիմքը։

Ասալույէի հսկայ համալիրը կը ծառայէ որպէս Հարաւային Փարսէն ստացուող հումքի վերամշակման կեդրոն, ուր տեղակայուած են տասնեակ կազամշակման գործարաններ եւ փեթրոքիմիական հզօրութիւններ, որոնք կ՚արտադրեն երկրի արտահանման զգալի բաժինը կազմող քիմիական նիւթեր եւ վառելիք։

Այս կառոյցներու ռազմավարական կարեւորութիւնը կը բխի այն իրողութենէն, որ որեւէ տեխնիկական խափանում կամ արտաքին հարուած կրնայ յանգեցնել Իրանի ներքին ուժանիւթային համակարգի փլուզման եւ զրկել պետական պիւտճէն եկամուտներու առանցքային բաժինէն, որն ալ զանոնք կը դարձնէ խոցելի թիրախներ տարածաշրջանային հակամարտութիւններու ընթացքին։