image

Պէյրութը, Պեքաան եւ Հարաւը կրակէ օղակի տակ. Կան տասնեակ զոհեր

Պէյրութը, Պեքաան եւ Հարաւը կրակէ օղակի տակ. Կան  տասնեակ  զոհեր

«Արեւելք», աղբիւրներ,-  «Հըզպալլա»  հրթիռակոծեց  Իսրայէլի  հիւսիսը. Իսրայէլ  պատերազմական գործողութիւններու անցաւ Լիբանանի դէմ։

Կան տասնեակ  զոհեր եւ իրավիճակը կրնայ աւելիով բարդանալ։

Անցեալ 27 Նոյեմբեր 2024-էն ի վեր, «Հըզպալլա»-ն պաշտօնապէս ստանձնեց երկուշաբթի վաղ առաւօտեան դէպի Իսրայէլի հիւսիս արձակուած հրթիռներու գործողութիւնը՝ զայն ներկայացնելով որպէս «վրէժ՝ արիւնին համար Իսլամական հանրապետութեան առաջնորդ, Այաթոլլա Ալի Խամենէիի»։

Իսրայէլեան բանակը պատասխանեց՝ ռմբակոծելով Պէյրութի հարաւային արուարձանը աւելի քան 15 հարուածով, ինչպէս նաեւ թիրախաւորելով Հարաւային Լիբանանի եւ Պեքաայի տարբեր շրջաններ։

Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, թէ հարուածները ուղղուած էին «Հըզպալլա»-ի բարձրաստիճան ղեկավարներու Պէյրութի մէջ եւ մէկ կարեւոր գործակատարի՝ Հարաւային Լիբանանի մէջ։ Ապա ան արձակեց տարհանման զգուշացումներ Հարաւային Լիբանանի եւ Պեքաայի 53 շրջաններու բնակիչներուն։

 

Տարհանման զգուշացումներ

«Հըզպալլա»-ի ռազմական լրատուամիջոցը յայտարարեց.
«Վրէժ առնելով Իսլամական հանրապետութեան առաջնորդ Այաթոլլա Ալի Խամենէիի մաքուր արիւնին համար, որ անիրաւօրէն եւ դաւադրաբար թափուեցաւ սիոնիստ թշնամիին կողմէ, եւ ի պաշտպանութիւն Լիբանանի ու անոր ժողովուրդին՝ Իսլամական Դիմադրութիւնը Կիրակի լոյս Երկուշաբթի, 2 Մարտ 2026-ի կէսգիշերին, արձակեց  հրթիռներու համազարկ եւ անօդաչու սարքերու խումբ մը՝ թիրախաւորելով Միշմար Հա-Քարմէլի հրթիռային պաշտպանութեան կայանը, որ կը պատկանի իսրայէլեան բանակին, Հայիֆա քաղաքի հարաւը»։

Կուսակցութիւնը վերահաստատեց, թէ «իսրայէլեան շարունակական յարձակումներն ու մեր ղեկավարներուն, երիտասարդներուն եւ քաղաքացիներուն դէմ իրականացուող սպանութիւնները մեզի կը տան պաշտպանուելու իրաւունքը եւ պատասխանելու՝ ժամանակին ու վայրէն կախեալ»։

Ան նաեւ յայտնեց, թէ «իսրայէլեան թշնամին չի կրնար շարունակել իր տասնհինգ ամիսէ ի վեր տեւող յարձակումը՝ առանց նախազգուշական պատասխանի, որուն նպատակն է դադրեցնել այս յարձակումը եւ վերջ տալ լիբանանեան գրաւեալ տարածքներուն»։

«Հըզպալլա»-ն ընդգծեց, թէ այս քայլը «օրինական պաշտպանական պատասխան» է եւ կոչ ուղղեց պատասխանատուներուն՝ դադրեցնելու «իսրայէլեան-ամերիկեան յարձակումը Լիբանանի դէմ»։

Իսրայէլ իր կարգին հարուածներ հասցուց Սուլթանիյէի, Շահաբիէի, Նաբաթիէի եւ Սուրի շրջաններուն՝ Հարաւային Լիբանանի մէջ, ինչպէս նաեւ Պէյրութի հարաւային արուարձանին եւ Պեքաայի տարբեր վայրերուն։

Կը նշուի,որ մինչեւ այս պահը զոհերուն թիւը անցած է 31-ը,  եւ  գրանցուած են  148 վիրաւորեալներ։

Իսրայէլ վճռած է, որ պիտի շարունակէ իր ռազմական գործողութիւնները՝  Լիբանանի մէջ։