Քեսապի հայ համայնքի կեանքին մէջ եկեղեցական եւ ազգային աւանդութիւնները միշտ ալ կարեւոր տեղ գրաւած են։ Այդ աւանդութիւններուն շարքին առանձնայատուկ խորհուրդ ունի Մեծ Պահքի կիսումը խորհրդանշող «Միջինք»ը, որ ոչ միայն հոգեւոր անդրադարձի առիթ է, այլ նաեւ համայնքային ջերմ հանդիպումի եւ միասնականութեան պահ։ Այս գեղեցիկ սովորութիւնը այս տարի եւս նշուեցաւ Քեսապի Հայ Կաթողիկէ համայնքին մէջ՝ համախմբելով հաւատացեալները աղօթքի, հոգեւոր խորհրդածութեան եւ եղբայրական հաղորդակցութեան շուրջ։
Այս առիթով օրերս գրած է Քեսապի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Գերյ. Հայր Գառնիկ Ծ. Վրդ. Յովսէփեանը, որ մանրամասն կերպով կը ներկայացնէ Միջինքի տօնակատարութեան ընթացքն ու խորհուրդը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք ժողովրդապետ վարդապետին ստորագրութիւնը կրող թղթակցութիւնը։
«Տէ՛ր, մեղքերուս ծովը կ’ալեկոծէ զիս, Դո՛ւն, որ Բարի Նաւապետ ես, նաւահանգիստ շնորհէ՛ ինծի, Ամենակարող Հայր»։ (Շարական)
Ուրբաթ՝ 13 Մարտ 2026 թուականին, երեկոյեան ժամը 6։30-ին, ՀԿՄ-նի սրահէն ներս, տեղի ունեցաւ Միջինքի տօնակատարութիւնը կազմակերպութեամբ՝ Պատրիարքական Սուրբ Միքայէլ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցասէր Տիկնանց Միութեան կողմէ։
Բացման եւ բարի գալուստի խօսքը կատարեց Գերյ. Հայր Գառնիկ Ծ. Վրդ. Յովսէփեանը՝ Ան ըսաւ․ "Սիրելի՛ հաւատացեալներ,
Ինչպէս կը բացատրէ Մաղաքիա Արք․ Օրմանեանը, «Միջինք» անունը կը տրուի այն օրուան, որ կը բաժնէ Մեծ Պահքը երկու մասի։ Այսպիսով, ան կը նշանակէ, թէ արդէն անցած ենք պահքի առաջին փուլը եւ այժմ կը մտնենք երկրորդ կէսը։
Միջինքը առանձնայատուկ տօն չէ, սակայն ան ունի գեղեցիկ հոգեւոր իմաստ։ Ան մեզ կը հրաւիրէ կանգ առնելու պահ մը եւ ինքնաքննութիւն կատարելու։
Պահքի առաջին շաբաթներուն ընթացքին մենք փորձեցինք սահմանափակել մեր մարմինը, զսպել մեր ցանկութիւնները եւ զօրացնել մեր հոգին աղօթքով, ապաշխարութեամբ եւ հոգեւոր ընթերցանութեամբ։
Միջինքը կը յիշեցնէ, որ տակաւին ժամանակ ունինք մեր հոգեւոր ճանապարհը ուղղելու եւ աւելի մեծ ջանասիրութեամբ շարունակելու պահքի մնացած օրերը։
Հայ ժողովուրդը այս օրը նաեւ ժողովրդական գեղեցիկ սովորութիւններով նշած է։ Տուներու մէջ կը թխուի պահոց գաթայ կամ բաղարջ, որուն մէջ երբեմն դրամ կը դնեն։ Երբ գաթան կը բաժնուի ընտանիքի անդամներուն, այդ արարողութիւնը կը խորհրդանշէ ընտանիքի միասնութիւնը, օճախի բարեկեցութիւնը եւ Աստուծոյ օրհնութիւնը։
Սակայն կարեւոր է հասկնալ, որ Միջինքը պահքը լուծելու օր չէ։ Պահքը կը շարունակուի նոյն խստութեամբ։ Գաթան ալ պահոց է եւ աւելի շատ խորհրդանշական նշանակութիւն ունի։
Սիրելինե՛րս, Միջինքը մեզ կը հրաւիրէ նոր որոշում մը առնելու։ Պահքի երկրորդ կէսին մէջ կրնանք մեր հոգեւոր կեանքը քիչ մը աւելի ամրացնել։ Գուցէ ոմանք որոշեն աւելի կանոնաւոր աղօթել, ուրիշներ՝ Աստուածաշունչ կարդալ, կամ կիրակիները աւելի հաւատարմօրէն մասնակցիլ Սուրբ Պատարագին։
Պահքը միայն սնունդէն հրաժարում չէ։ Ան առաջին հերթին սրտի փոփոխութիւն է։ Երբ մենք կը սորվինք հրաժարիլ այն բաներէն, որոնք մեզ կը հեռացնեն Աստուծմէ, այն ժամանակ մեր հոգին կը մաքրուի եւ կը պատրաստուի դիմաւորելու մեծ ուրախութիւնը՝ Քրիստոսի Սուրբ Յարութիւնը։
Ուստի Միջինքը մեզ կը յիշեցնէ, որ ճանապարհը արդէն կէսը անցած ենք, բայց նպատակակէտը տակաւին մեր առջեւն է։ Եկէք շարունակենք այս ճանապարհը հաւատքով, համբերութեամբ եւ բարի կամքով։
Թող Աստուած մեզի ուժ եւ կարողութիւն շնորհէ, որպէսզի Մեծ Պահքի մնացած օրերը ապրինք հոգեւոր արթնութեամբ եւ արժանաւորապէս հասնինք Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան պայծառ տօնին։
Խորին ուրախութեամբ եւ երախտագիտութեամբ կը ցանկամ իմ սրտագին շնորհակալութիւնները յայտնել մեր եկեղեցասէր Տիկնանց Միութեան բոլոր անդամուհիներուն։
Ձեր նուիրումն ու ծառայասիրութիւնը պատճառ դարձաւ, որ կարողանանք սիրով եւ միասնութեամբ նշել Միջինքի այս գեղեցիկ օրը։
Ձեր պատրաստակամ աշխատանքը, հոգատարութիւնը եւ եկեղեցւոյ հանդէպ ունեցած սէրը դարձան օրհնութիւն մեր համայնքին համար։
Ձեր ջանքերով Միջինքը ոչ միայն պահպանեց իր ազգային ու եկեղեցական աւանդութիւնը, այլ նաեւ դարձաւ համայնքային ջերմ հանդիպում՝ լեցուն սիրով եւ եղբայրական հաղորդակցութեամբ։
Սրտանց շնորհակալութիւն կը յայտնենք նաեւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց ժամանակը, աշխատանքը եւ աջակցութիւնը բերեցին այս ձեռնարկի իրականացման համար։ Ձեր մասնակցութիւնը եւ համագործակցութիւնը մեծապէս գնահատելի է։
Թող Աստուած առատապէս օրհնէ ձեր ծառայութիւնը եւ շարունակէ զօրացնել ձեզ, որպէսզի դեռ երկար տարիներ սիրով ծառայէք մեր եկեղեցւոյ եւ համայնքին։
Եւս մէկ անգամ՝ խորին շնորհակալութիւն եւ քաջալերանք ձեզի՝ ձեր բարի եւ նուիրեալ ծառայութեան համար»։
Ուրախալի էր նաեւ տեսնել մեր երիտասարդներուն մասնակցութիւնը։ Անոնք կազմակերպեցին խաղեր, խաղացինք «Լաոն» խաղը, ինչպէս նաեւ պարեցին Քեսապի աւանդական շուրջպարը՝ աւելի գեղեցկացնելով եւ ջերմացնելով մեր այս միասնակա՛ն հանդիպումը։
Ուրախ ու զուարճալի մթնոլորտով աւարտեցաւ ձեռնարկը՝ միութիւնը արժանացնելով ամենաբարձր գնահատանքին։
Շնորհաւոր Միջինք բոլորիս․․․


