image
Հրատապ լուրեր:

Համերգ՝ Նիւ Երոքի Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ

Համերգ՝ Նիւ Երոքի Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ

Օրերս, Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեանի նախագահութեամբ, յաւարտ Սուրբ Պատարագի, տեղի ունեցած է համերգ մը Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ «Փաշալեան» սրահին մէջ։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ «hairenikweekly»-էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Կիրակի, 22 Փետրուարին, յաւարտ Սուրբ Պատարագի, Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեանի նախագահութեամբ, տեղի ունեցաւ համերգ մը Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ «Փաշալեան» սրահին մէջ։ Ելոյթ ունեցաւ Յարութ Պարսումեանի (կիթառ եւ դուդուկ), Շանթ Պարսումեանի (ջութակ) եւ Ալիսիա Քէօշկէրեանի (քանոն) եռեակը։

Համերգին ընթացքին մեկնաբանուեցան Կոմիտաս Վարդապետի, Առնօ Բաբաջանեանի, Շարլ Ազնաւուրի, Արա Տինքճեանի եւ ժողովրդական գործեր, ինչպէս եւ Յարութ Պարսումեանի սեփական յօրինումներէն մէկը եւ վերջինին կողմէ Մակար Եկմալեանի «Ամէն Հայր Սուրբ» շարականի մշակումը։ Փակման խօսքին մէջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր գնահատանքը յայտնեց եռեակին եւ քաջալերեց Յարութ Պարսումեանը որ շարունակէ շարականներու երաժշտական մշակման իր ծրագիրը։