image

Հայաստան. «Փրկուած» արջերը վիրահատուած են

Հայաստան. «Փրկուած» արջերը վիրահատուած են

Օրերս Հայաստան ժամանած է բրիտանացի կենդանաբուժներու մասնագիտացուած խումբ, որ համագործակցելով Վայրի բնութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնադրամի (FPWC) եւ Կենդանիներու փրկութեան միջազգային կազմակերպութեան (International Animal Rescue – IAR) հետ՝ Վայրի կենդանիներու փրկարար կեդրոնին մէջ (WRC) գտնուող երկու գորշ արջի բժշկական օգնութիւն ցուցաբերած է։

Վիրահատուած են Երեւանի Մալաթիա-Սեբաստիա վարչական շրջանի բնակելի տարածքէն եւ Սիլիկեան թաղամասի մեքենայի պասարկման կէտէն փրկուած արջերէն երկու արու առանձնեակները։ Տարիներ շարունակ գերութեան մէջ՝ վանդակներու մէջ բանտարկուած ըլլալու հետեւանքով անոնց ատամները լրջօրէն վնասուած էին։

«Այս արջերը երկար տարիներով վանդակները կրծելու եւ սխալ սննդակարգով կերակրուելու հետեւանքով կոտրած ու մաշած են իրենց ատամները։ Սա ոչ միայն սուր ցաւ կը պատճառէր անոնց, այլեւ թոյլ չէր տար նորմալ սնուիլ՝ լրջօրէն վտանգելով անոնց առողջութիւնը», -ըսած է փորձառու կենդանաբուժ Կերհարտ Փութըրը։

Վերջինիս ղեկավարած կենդանաբուժներու խումբն արդէն քանի մը անգամ այցելած է Վայրի կենդանիներու փրկարար կեդրոն՝ վիրահատելու համար միւս փրկուած արջերու ատամները։ Անազատ պայմաններու մէջ ապրող վայրի կենդանիներու մեծ մասը կ՚ունենան կոտրուած եւ վնասուած ատամներ, որոնք անհրաժեշտ կ՚ըլլայ բուժել։

Վիրահատութեան շնորհիւ արջերն այժմ զգալիօրէն աւելի լաւ վիճակի մէջ են, որ կը նպաստէ անոնց հետագայ վերականգնման եւ արժանապատիւ կեանքին WRC-ի ապաստանին մէջ։