Հայ մամուլի սիրահար, հայ կեանքի տարբեր մանրամասնութիւններուն քաջածանօթ Յովհաննէս Թասլաքեան շնորհիւ իր պարզ ու անմիջական մօտեցումին կարողացած է շահիլ սիրտը մասնաւորապէս Այնճարի երիտասարդ սերունդին, որոնցմէ շատ շատերը , հակառակ տարիքային տարբերութեան եղած են անոր մօտիկ ընկերներն ու զրուցակիցները։
Այսօր ան կ՚աւարտէ երկրային իր ճամբորդութիւնը եւ անոր անունը կը դառնայ վառ յիշատակ մը, բոլոր անոնց սրտերուն մէջ, որոնք ճանչցան ու պահ մը, պատում մը, փորձառութիւն մը կիսեցին հանգուցեալին հետ։
Այնճարի, հայրենի գիւղաւանին մէջ իր մահկանացուն կնքած է Այնճարի աւագ սերունդի ներկայացուցիչներէն՝ Յովհաննէս Թասլաքեանը (Յայտնի «Թարազան» ծածկանունով)։
Անոնք, որ առիթ ունեցած է մօտէն ճանչնալու զինք յստակ կերպով կրնան վկայել, որ Յովհաննէս Թասլաքեանը նախ եւ առաջ Հայաստանի հայրենիքի մեծ սիրահար էր։ Մուսալեռցիներու բնորոշ նկարագրային գիծերով յայտնի Թասլաքեան, ամբողջ կեանք մը գործած է որպէս ոսկերչական արհեստի վարպետ, այդպիսով ալ արժանապատիւ կերպով պահելով իր ընտանեկան օճախը։ Արհեստի շրջանակներէն դուրս ան նաեւ յայտնի էր, որպէս մշակոյթը պաշտող անձնաւորութիւն, որուն համար ալ ան երկար տարիներու ծառայութիւն ունեցած է Համազգայինի Այնճարի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղին մէջ ստանձնելով ամենապարզ պարտականութիւններէն, մինչեւ վարչական բարդ աշխատանքները։ Գաղափարական կուռ հայացքի տէր անձն էր Թասլաքեան ու անոր համար ՀՅԴ-ի որդեգրած սկզբունքներն ու ընդհանուր ռազմավարութիւնը եղած են անշեղ եւ պարտականութիւնը յարգող մարդու իրական ուղենիշներ։
Հայ մամուլի սիրահար, հայ կեանքի տարբեր մանրամասնութիւններուն քաջածանօթ Յովհաննէս Թասլաքեան շնորհիւ իր պարզ ու անմիջական մօտեցումին կարողացած է շահիլ սիրտը մասնաւորապէս Այնճարի երիտասարդ սերունդին, որոնցմէ շատ շատերը , հակառակ տարիքային տարբերութեան եղած են անոր մօտիկ ընկերներն ու զրուցակիցները։
Այսօր ան կ՚աւարտէ երկրային իր ճամբորդութիւնը եւ անոր անունը կը դառնայ վառ յիշատակ մը, բոլոր անոնց սրտերուն մէջ, որոնք ճանչցան ու պահ մը, պատում մը, փորձառութիւն մը կիսեցին հանգուցեալին հետ։
«Արեւելք» իր սրտակցական ցաւակցութիւնները կը յղէ հանգուցեալի ընտանեկան պարագաներուն եւ գաղափարի ընկերներուն։
Ստորեւ կը ներկայացնենք հանգուցեալի մահազդը, ինչպէս որ տրուած է «Մուսալեռ-Այնճար» դիմատետրեան էջով։
ՄԱՀԱԶԴ՝
Տիկ. Սօֆիա Թասլաքեան
Տէր եւ Տիկ Վրէժ Թասլաքեան եւ զաւակունք
Տէր եւ Տիկ Սեւակ Թասլաքեան
Տէր եւ Տիկ Սեւակ եւ Ազատ Զէյթլեան եւ զաւակունք
Տէր եւ Տիկ Աշոտ Թասլաքեան եւ ընտանիք
Տիկ Լուսին Հերկելեան եւ ընտանիք
Եւ համայն Թասլաքեան, Քերմէնեան, Փալազեան, Զէյթլեան, Տուտագլեան, Մանճեան, Հերկելեան, Հաննէեան, Զաքարեան, Տէր Յովհաննէսեան Ընտանիքներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծհօր, եղբօր,եւ հարազատին՝
Յովհաննէս Թասլաքեան-ի (Թարազան)
մահը որ պատահեցաւ Մարտ 17 2026-ին։ Թաղման արարողութիւնը պիտի կատարուի, Չորեքշաբթի,18 Մարտ 2026-ին, Կէսօրուայ ժամը 1:00-ին, Այնճարի Հայ Կաթողիկէ «Ս. Վարդարանի Տիրամայր» եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Այնճարի Ազգային գերեզմանատունը։
Ներկայիս ընդունիլ իբրեւ մահազդ։
Ցաւակցութիւնները կ՝ընդունուին թաղման արարողութենէն ետք մինչեւ երեկոյան ժամը 6:00, եկեղեցւոյ սրահին մէջ: Իսկ յաջորդող օրերուն հանգուցեալին բնակարանեն ներս։
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիննը կը խնդրուի կատարել «Ս. Վարդարանի Տիրամայր» եկեղեցւոյ։