ԱԺ-ի «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր՝ Արման Եղոյեանի Սիւնիքի մարզ կատարած այցելութեան ընթացքին միջադէպ մը տեղի ունեցած է։ 1 յունուարին իշխանական պատգամաւորը եղած է Սիւնիքի մարզ։ Եղոյեանին անգամ մը եւս յիշեցուցած են, որ ուրախ չեն իշխանութեան ներկայացուցչի այցելութեամբ։ Արման Եղոյեան փորձած է նախ արդարանալ, ապա ներկայացուցած է այն միտքը, թէ Սիւնիքի մարզի վիճայարոյց այդ տարածքները ատրպէյճանական կողմինն են։
Irakanum.am կայքը գրած է, որ Եղոյեան բառացիօրէն կրկնած է այն միտքը, որ դիմատետրեան իր էջին վրայ գրած է եւ որ քննադատութիւններու պատճառով էջը փակած էր «Անտարեսի» Արմէն Մարտիրոսեանը։ Նիկոլ Փաշինեանի խմբակցի այս խօսքերէն յետոյ, խումբ մը արժանապատիւ սիւնեցիներ քաշած են Եղոյեանի օձիքէն, պատռած զայն եւ ստիպած որ հեռանայ, յիշեցնելով վերջինիս, որ սիւնեցիները չեն պատրաստուիր ընկրկիլ, իսկ իշխանական ցանցկացած գործիչ, որ կը համարձակի նոյն թէզը առաջ տանիլ կ'արժանանայ նոյն իրավիճակին։ «Եղոյեան գլուխը կախ հեռացել է»,-շարունակած է կայքը։
Լուրը՝ News.am-էն