Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քացը յուլիս 16-ի առաւօտեան կոչ ըրած է սուրիական իշխանութիւններուն դուրս բերելու ուժերն Սուէյտայի շրջանէն եւ դադրեցնելու տարածքին մէջ տուրզիներու դէմ գործողութիւնները: Այս մասին յայտնած է Israel National News-ը։
Քացը նշած է, որ Իսրայէլը պիտի չլքէ տուրզիները։
«Մենք պիտի չլքենք տրուզիները Սուրիոյ մէջ եւ պիտի կիրառենք մեր կողմէ որոշուած ապառազմականացման քաղաքականութիւնը», - նշած է ան։
Ան նաեւ աւելցուցած է, որ Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը պիտի շարունակէ յարձակիլ սուրիական ուժերու վրայ մինչեւ անոնց դուրս գալը տարածքէն, եւ զգուշացուցած է, որ պատասխաններու ուժգնութիւնը շուտով պիտի աճի, եթէ ուղերձը տեղ չհասնի։
Իսրայէլի բանակի ռատիոն հաղորդած է, որ Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը երկու լրացուցիչ գումարտակ տեղակայած է Իսրայէլ-Սուրիա սահմանին։
Al Jazeera-ի թղթակիցը յայտնած է, որ առաւօտեան Սուէյտա քաղաքի թաղամասերուն մէջ վերսկսած են սուրիական անվտանգութեան ուժերու եւ զինուած խմբաւորումներու միջեւ բախումները։ Սուրիոյ ներքին գործերու նախարարութիւնը յայտարարած է, որ յաջողած է Սուէյտա քաղաքի կեդրոնէն վտարել ապօրինի զինուած խմբաւորումները։
Աւելի վաղ Սուէյտա քաղաքին մէջ տուրզիներու եւ պատաուի ցեղերու միջեւ բախումներ տեղի ունեցած էին, որու հետեւանքով զոհուած էր 30 մարդ, տասնեակ մարդիկ վիրաւորուած էին։ Բռնութիւնը յանգեցուցած է Սուրիոյ կառավարութեան միջամտութեան, որ բախումներու ժամանակ կորսնցուցած է 18 զինուոր։
Սուրիոյ պաշտպանութեան եւ ներքին գործոց նախարարութիւններու ուժերը մտած են Սուէյտա քաղաք՝ փորձելով վերահսկողութիւն հաստատել խնդրայարոյց թաղամասերու նկատմամբ՝ անվտանգութիւնը պահպանելու եւ կայունութիւնը վերականգնելու համար։