«Կտրիճ Ներսիսեանը պէտք է Վեհարանից հեռանայ: Ես առաջնորդելու եմ այդ գործընթացը եւ առաջիկայում դուք դրա դրսեւորումներն անպայման կը տեսնէք»: Տեւական դադարէ ետք այս մասին այսօր կրկին յայտարարած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը կառավարութեան մէջ ճեպազրոյցի ժամանակ՝ պատասխանելով լրագրողի հարցին, թէ ինչո՞վ պայմանաւորուած է, որ վարչապետն այլեւս գրառումներ չի կատարեր Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի դէմ, արդեօք ետ կանգնած է իր որոշումներէն:
«Ես որոշակի պլաններ ունէի եւ ունեմ, բայց դրանք չեն տեղաւորւում այն հոլովոյթի ներքոյ, որը ներկայացնում են շատերը Հայաստանի Հանրապետութիւնում: Այո, Վեհարանը պէտք է ազատուի Կտրիճ Ներսիսեանից, Հայ Առաքելական եկեղեցու հետեւորդների ջանքերով, եւ իմ ջանքերով»,-ըսած է Նիկոլ Փաշինեանը:
Մայիս 29-ին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի՝ եկեղեցիները «չուլաններու» հետ համամատելու յայտարարութիւնը բուռն արձագանգ առաջացուց հոգեւորականութեան շրջանակին մօտ։ Ի պատասխան, իշխանութեան ներկայացուցիչները սկսան հրապարակային քննադատութիւն եւ վիրաւորանքներ հնչեցնել եկեղեցւոյ եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հասցէին։ Փաշինեանն առաջարկեց, որ պետութիւնն ունենայ վճռորոշ դեր Կաթողիկոսի ընտրութեան հարցով, իսկ թեկնածուները ենթարկուին բարեվարքութեան ստուգման՝ խորացնելով պետութիւն-եկեղեցի լարուածութիւնը։
Նիկոլ Փաշինեանը համոզուած է, որ ինքը կրնայ ստուգել հոգեւորականի համապատասխանութիւնը կամ անհամապատասխանութիւնը բարեվարքութեան կանոններուն: Վարչապետի խօսքով, իրեն համար կարեւոր է, որ հոգեւոր անաղարտ բաղադրիչը պահպանուի:
«Իմ խնդիրն ամենեւին Վեհարանը Կտրիճ Ներսիսեանից ազատելը եւ մէկ ուրիշ Կտրիճ Ներսիսեանակերպ մէկին էնտեղ կարգելը չէ: Սա հոգեւոր նորոգման մասին է: Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին մեր բոլորի բարոյական արժէքների էպիկեդրոնն է: Եւ, եթէ այդ էպիկեդրոնն ախտահարուած է, ապա արժէքահենք հանրութիւն ունենալու օրակարգի մասին խօսելն առնուազն լուրջ չէ: Եւ մենք արժէքահենք հանրութիւն սկսելու գործընթացը պէտք է սկսենք Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնից»,- ըսած է Փաշինեանը:
Անդրադառնալով խօսակցութիւններուն, որ բռնութիւններ կը պատրաստուին եկեղեցւոյ դէմ, վարչապետը նշած է, որ իրենք նոյնիսկ քաղաքական գործընթացի ժամանակ բռնութիւն չեն ըրած, հետեւաբար Առաքելական Եկեղեցւոյ գործընթացներու ժամանակ եւս՝ չեն դիմեր:
«Ես համոզուած եմ, որ չկայ աւելի մեծ ուժ, քան հոգեւոր ուժը: Երբ հոգեւոր ուժի կուլմինացիան տեղի ունենայ, մնացածը տեղի կ՚ունենայ վայրկեանների ընթացքում: Իսկ, որ այդ կուլմինացիան տեղի կ՚ունենայ՝ ես չեմ կասկածում: Այդ կուլմինացիան արդէն տեղի է ունեցել»,-ըսած է վարչապետը: