Ո՛չ ԱՄՆ-ն, ո՛չ ալ Ռուսիան իրաւունք ունին Թուրքիոյ որեւէ բան ըսելու: Այնպէս չէ, որ Ռուսիոյ իւրաքանչիւր քայլ կը գոհացնէ Թուրքիան:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն, անդրադառնալով Սուրիոյ հիւսիսը Թուրքիոյ Զինուած ուժերու ծրագրած հակաահաբեկչական գործողութեան եւ անոր վերաբերեալ Ռուսիոյ առարկութիւններուն, ըսած է. «Թուրքիան ինք կը լուծէ սուրիական տարածքէն բխող խնդիրները: Եթէ վտանգ ըլլայ, մեր երկիրը պիտի չնայի ուրիշներուն ու պիտի վերացնէ խնդիրը»:
Ան ընդգծած է, որ ո՛չ ԱՄՆ-ն, ո՛չ ալ Ռուսիան իրաւունք ունին Թուրքիոյ որեւէ բան ըսելու:
«Այնպէս չէ, որ Ռուսիոյ իւրաքանչիւր քայլ կը գոհացնէ Թուրքիան: Սուրիոյ հարցով մեր դիրքորոշումը չափազանց թափանցիկ է», ըսած է ան:
Յիշեցնենք, որ Ռուսիան դիմած էր Թուրքիոյ` խնդրելով հրաժարիլ Սուրիոյ հիւսիսը յատուկ ռազմական գործողութիւն իրականացնելէ: