image
Հրատապ լուրեր:

Ռուբէն Ռուբինեան ԱԺ նախագահ ընտրուելու պարագային պիտի չշարունակէ Թուրքիոյ հետ կարգաւորման գործընթացին մէջ ՀՀ յատուկ ներկայացուցիչ ըլլալ

Ռուբէն Ռուբինեան ԱԺ նախագահ ընտրուելու պարագային պիտի չշարունակէ Թուրքիոյ հետ կարգաւորման գործընթացին մէջ ՀՀ յատուկ ներկայացուցիչ ըլլալ

Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալ Ռուբէն Ռուբինեանը Ազգային Ժողովի նախագահ ընտրուելու պարագային պիտի չշարունակէ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչը ըլլալ։

Այս մասին Ռուբինեան ըսած է լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին։

«Քանի որ ես Ազգային ժողովի նախագահի թեկնածու եմ ընտրուել, այդ պաշտօնում ընտրուելու դէպքում ակնյայտօրէն չեմ շարունակելու Թուրքիայի հետ բանակցութիւններում Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչ լինել»,- ըսած է Ռուբինեանը։

Հարցին, թէ ո՞վ կրնայ անոր փոխարինել այդ պաշտօնին, Ռուբինեան պատասխանած է, որ այս պահուն տեղեկութիւն չունի։

«Որքան տեղեակ եմ, դեռ պարզ չէ, թէ ով է լինելու։ Բնականաբար, վարչապետը եւ կառավարութիւնը կորոշեն»,- նշած է Ազգային Ժողովի փոխնախագահը։