image

Քաղաքապետարանի ձերբակալուած պաշտօնեան պիտի չկալանաւորուի 

Քաղաքապետարանի ձերբակալուած պաշտօնեան պիտի չկալանաւորուի 

Երէկ ձերբակալուած քաղաքապետարանի պաշտօնեայի նկատմամբ կալանաւորելու միջնորդութիւնը չէ բաւարարուած: Այս մասին դիմատետրեան իր էջին գրած է քաղաքապետի մամուլի քարտուղար Հայկ Կոստանեանը:

«Յարգելի՛ գործընկերներ, տեղեկացնում եմ, որ ՀՀ հակակոռուպցիոն կոմիտէի կողմից երէկ ձերբակալուած Երեւանի քաղաքապետարանի աշխատակազմի կոմունալ տնտեսութեան վարչութեան պետ Արսէն Կարոյեանին կալանաւորելու միջնորդութիւնը չի բաւարարուել, վերջինիս նկատմամբ սահմանուել է վարչական հսկողութիւն, գրաւ եւ չբացակայելու արգելք»,-գրած է ան:

Նշենք, որ նախորդ ամիս Երեւանի քաղաքապետարանի պաշտօնեաններու ձերբակալութենէն ետք, նշուած գործի շրջածիրէն ներս երէկ ձերբակալուած էր Երեւանի քաղաքապետարանի եւս մէկ պաշտօնեայ: