image

Գրիգորի Խաչատուրով պիտի չկալանաւորուի

Գրիգորի Խաչատուրով պիտի չկալանաւորուի

Վճռաբեկ դատարանը մերժած է երրորդ բանակային ջոկատի նախկին հրամանատար, զօրավար-մայոր Գրիգորի Խաչատուրովը կրկին կալանաւորելու՝ Ընդհանուր դատախազութեան միջնորդութիւնը։

«Ազատութեան» հաղորդած են Ընդհանուր դատախազութենէն։

Խաչատուրովն անցեալ տարուան դեկտեմբերին 20 միլիոն դրամ գրաւի դիմաց ազատուած էր կալանքէն։ 

Նշենք, որ Պաշտպանութեան նախարարութեան N զօրամասի հրամանատարի պաշտօնը զբաղցուցած Գրիգորի Խաչատուրովը կալանաւորուած էր։ Վերաքննիչ հակակոռուպցիոն դատարանը՝ դատաւոր Արմէն Յովհաննիսեանի նախագահութեամբ, սակայն, մասնակի բաւարարած է Գրիգորի Խաչատուրովի կալանաւորման ժամկէտը երկարցնելու որոշման դէմ բողոքը՝ անոր նկատմամբ ընտրուած խափանման միջոց կալանաւորումը փոխարինելով վարչական հսկողութեամբ եւ գրաւով՝ 20 միլիոն դրամի չափով։

Ըստ դատախազութեան՝ քրէական հետապնդումը յարուցուած է պաշտօնէական դիրքի օգտագործմամբ յանցաւոր ճանապարհով ձեռք բերուած առանձնապէս խոշոր չափերով անշարժ գոյքն օրինականացնելու՝ փողերու լուացման համար։

Ընդհանուր դատախազութիւնը միջնորդութեան մէջ նշած էր, թէ կը պահպանուին Խաչատուրովի կալանքի հիմքերը։