«Երկիր Մետիա» կայանի տնօրէն Բագրատ Եսայեան պիտի չկալանաւորուի։
Այսօր այս մասին գրառում մը կատարած է անոր փաստաբան Վահէ Եփրիկեանը։
Յիշեցնենք, որ ՀՅԴ գործիչ, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄ-ի մէջ պատասխանատու պաշտօններ ունեցող Եսայեան ԱԱԾ-ի աշխատակիցներու կողմէ «Երկիր Մետիա»ի մէջ գտնուող իր գրասենեակէն բերման ենթարկուած էր, բողոքի ալիքի մը պատճառ հանդիսանալով Հայաստանի ընդդիմադիր լրատուադաշտին մէջ։