Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի հրամանագիրով Նիկոլ Փաշինեանը նշանակուած է վարչապետ։
Օգոստոս 2-ին Սահմանադրութեան 158-րդ յօդուածի համաձայն, Ազգային ժողովի 9-րդ գումարման առաջին նստաշրջանի օրը կառավարութիւնը հրաժարական ներկայացուցած էր Հանրապետութեան նախագահին։
Մինչեւ նոր կառավարութեան ձեւաւորումը կառավարութեան անդամները կը շարունակեն կատարել իրենց պարտականութիւնները։
Սահմանադրութեան 149-րդ յօդուածի համաձայն՝ նորընտիր Ազգային ժողովի լիազօրութիւններու ժամկէտի մեկնարկէն ետք Հանրապետութեան նախագահն անյապաղ վարչապետ կը նշանակէ խորհրդարանական մեծամասնութեան ներկայացուցած թեկնածուն։
Փաշինեանը վարչապետի պաշտօնին կը նշանակուի արդվն 4-րդ անգամ՝
-2018-ի մայիսի 8-ին ան առաջին անգամ ընտրուեցաւ վարչապետ՝ «թաւշեայ յեղափոխութենէն» ետք․
-2019-ի յունուար 14-ին երկրորդ անգամ նշանակուեցաւ պաշտօնին՝ 2018-ի արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք.
-2021-ի օգոստոս 2-ին երրորդ անգամ նշանակուեցաւ վարչապետ՝ նոյն թուականի արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք։