Օրերս, Պոլսոյ Մխիթարեան Սանուց Միութեան կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցած է Սանուց Միութիւններու Ատենապետներու հաւաք, քննարկուած են միջմիութենական ձեռնարկները։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
Մեր Սանուց Միութիւններու Ատենապետները կամ անոնց ներկայացուցիչները պարբերաբար ժողովներ կը գումարեն, քննարկելով հասարակաց կամ անջատ ծրագիրներ, նաեւ գաղափարի փոխանակում ունենալով ամենատարբեր հարցերու շուրջ։ Աշնանային եղանակի հերթական ժողովը գումարուեցաւ երէկ, Մխիթարեան Սանուց Միութեան կեդրոնատեղիին մէջ։ Գրեթէ բոլոր Սանուց Միութիւններու վարիչները հոն էին։
Քննարկումները կեդրոնացան միջմիութենական ձեռնարկներու վրայ։ Այսպէս յառաջիկայ 25 Նոյեմբերին Գարակէօզեան Սանուց Միութեան կազմակերպութեամբ կը սկսի նարտի միջմիութենական մրցաշարքը, Գիտելիքի աւանդական մրցաշարքը այս տարի պիտի հիւրընկալէ Ֆէրիգիւղի Սանուց Միութիւնը։ Տրուած ըլլալով որ մեծ հետաքրքրութիւն կայ նաեւ ճատրակի մարզաձեւի նկատմամբ, Սանուց Միութիւնները կը ծրագրեն կազմակերպել նաեւ այդ մարզաձեւի մրցաշարքը։
Գալով «Ոսկէ աշուն» փառատօնին։ Այս տարի փառատօնը պիտի կայանայ Բանկալթըի Մխիթարեան վարժարանի պարտէզին մէջ։ Թուականը վերջնականօրէն չէ ճշդուած, բայց 17 կամ 24 Նոյեմբերի մասին է խօսքը։
Յաջողութիւն կը մաղթենք։