Օրերս ընթացք առաւ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Արք. Մաշալեանի այցը՝ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմ։
Այցելութեան մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ Արեւմտեան թեմի Առաջնորդարանի դիմատետրեան էջէն:
Ստորեւ հրապարակուած լրատւութիւնը՝
Երկուշաբթի 16 Յունիսի յետմիջօրէին, Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարք՝ Ն․Ա․Տ․ Սահակ Բ. Արքեպիսկոպոս Մաշալեան, հրաւէրով ԱՄՆ-ի Արեմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Յովնան Արք․ Տէրտէրեանի, օրհնաբեր այցելութեամբ ժամանեց Լոս Անճելըսի միջազգային օդակայան։ Պատրիարք Հայրը որպէս գաւազանակիր կ՚ընկերանայ Հոգշ. Տէր Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։
Իր այցելութեան օրերուն, Պատրիարք Հայրը ընկերակցութեամբ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ կազմակերպութեամբ Արեւմտեան Թեմի կարգադիր յանձնախումբին, «Հրաշափառ» արարողութեամբ պիտի արժանանայ պաշտօնական դիմաւորութեան եւ կատարէ զանազան հովուական այցելութիւններ, Կիրակի 22 Յունիսի առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Սուրբ Էջմիածնի Տօնին, հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ պիտի մատուցանէ Արեւմտեան Թեմի Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին մէջ եւ իր հայրական պատգամը փոխանցէ հաւատացեալներուն։
Պատրիարք Հօր Արեւմտեան Թեմ օրհնաբեր այցելութեան մանրամասները մասնաւոր հաղորդագրութիւններով պիտի ծանուցենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդին։