image

«Ցնծայ՜ հայ երաժշտութիւն» խորագրով հանդէս՝ Պոլսոյ Գնալը հայաշունչ կղզիին մէջ

«Ցնծայ՜ հայ երաժշտութիւն» խորագրով հանդէս՝  Պոլսոյ Գնալը հայաշունչ կղզիին մէջ

Օրերս, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած է «Ցնծա՛ հայ երաժշտութիւն» խորագրով երաժշտական երեկոյթ մը, որ կազմակերպուած էր Վարդավառի տօնին առթիւ։ Համերգը համախմբած է հոծ թիւով կղզեբնակ երաժշտասէրներ։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ։

Երէկ գիշեր, Գնալըի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ դարաւանդին վրայ, կղզեաց տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի նախաձեռնութեամբ պատրաստուած էր ընտիր երաժշտութեամբ համեմուած, գողտրիկ, ոգեւորիչ յայտագիր մը, «Ցնծա՜ հայ երաժշտութիւն» խորագրին ներքեւ։ 

Հանդիսութեան հովանաւորեց նոյնինքն Յարութիւն Վարդապետ, իր կողքին ունենալով եկեղեցւոյ ատենապետ՝ Լեւոն Շատեանը։ Ներկայ էին նաեւ, ձեռնարկի աջակից անձեր՝ երաժիշտ Ռոպէր Տօղանայ եւ երգչախումի վարիչ Յակոբ Մամիկոնեան։ Բոլոր նստատեղիները գրաւուած էին երաժշտասէր անձերով։

Ձեռնարկին ներկայութիւն կը բերէին նաեւ Գնալըի Յունաց Կազդուրման կայանի բազմաթիւ աշակերտները, իրենց մէջ որպէս հիւր ունենալով մեր հայ աշակերտները։

Հանդիսութեան բացումը կատարեց Յարութիւն Վարդապետ, որ յայտնեց թէ Վարդավառի տաղաւարին մէջ կը գտնուինք եւ հարկ է նշենք այս տօնի կարեւորութիւնը մեր առօրեայ ապրումներուն մէջ։

 Յայտագիրը սկսաւ Ատիս Տօղանայի դաշնակի զգլխիչ նուագով, որ ներկաներուն հոգեկան անպատում վայելք պատճառեց։ Հանդէս եկաւ նաեւ Նայեատ Գալայլը, որ Ատիս Տօղանայի դաշնակին ընկերացաւ ջութակով, նոյնքան հաճոյք պատճառելով ներկաներուն։ 

Կարգը եկած էր երգչուհի Նորա Իփէքճիի, որ իր հոյակապ ձայնով, մթնոլորտը ջերմացուց, երկարատեւ ծափեր խլելով։ Նորա Իփէքճի երգեց «Տարիներ, տարիներ», «Արի եար», «Հայաստան աշխարհ», անգլերէնով՝ «Աշնան աւարտին» երգերը։ 

Հանդէս եկաւ դարձեալ՝ Յարութիւն Վարդապետ եւ առաջարկեց որ յոյներն ալ երգով մը մասնակից ըլլան հանդէսին։ Յոյները եւս, յունարէն երգով մը մասնակից եղան օրուան ուրախութեան։

Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ միասնաբար երգուած Տէրունական Աղօթքով։ Կատարուեցաւ նաեւ ընդունելութիւն, որ առիթ ընծայեց ներկաներուն՝ շնորհաւորել հանդէսի մասնակիցները։