image
Հրատապ լուրեր:

Պոլսոյ հրդեհին հետքերով. «Հիւրէյիթ»ի ուշագրաւ արձագանգը Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մասին

Պոլսոյ հրդեհին հետքերով. «Հիւրէյիթ»ի ուշագրաւ արձագանգը Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մասին

Պոլսոյ հայկական կաթողիկէ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ կացարանային հատուածին մէջ բռնկած հրդեհէն ետք Թուրքիոյ մէջ սկսած են տարբեր հրապարակումներ գրել տուեալ եկեղեցւոյ հրաշագործութիւններու մասին։

Թրքական Hurriyet–ը անդրադարձած է Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ հիմնադրման եւ անկէ ետք տեղի ունեցած հրաշքի մասին։

«Քարաքէօյ» թաղամասի հայկական կաթողիկէ Սուրբ Փրկիչ  եկեղեցւոյ հիմքերը դրուած են 1831 թուականին, իսկ արդէն օծումը տեղի ունեցած է 1834 թուականի 13 յունուարին։

Եկեղեցւոյ բացման ժամանակ Պոլսոյ մէջ ժանտախտ տարածուած էր։  Եկեղեցւոյ հայ հոգեւորականները այն ժամանակուան սուլթան Մահմուտ 2-րդէն թոյլտւութիւն ստացած են, եւ Վատիկանէն ուղարկուած Աստուածամօր սրբապատկերը պտտցուցած են Պոլսոյ փողոցներուն մէջ եւ աղօթած, որ ժանտախտը անհետանայ։ Եւ շատ կարճ ժամանակ անց ժանտախտը վերացած է։

Պոլսոյ բնակիչները այս հրաշքը կապած են հայկական եկեղեցւոյ հետ եւ բոլորը շտապած են հայկական եկեղեցի։

Իր հերթին սուլթան Մահմուտ 2-րդը որպէս շնորհակալութիւն՝ հայկական Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ 8 անկիւն ունեցող բարձրորակ ադամանդներէ զարդ նուիրած է, որ ամէն Յարութեան տօնին կը կախեն Աստուածամօր սրբապատկերին վրայ։

Նշենք, որ 23 յունուարի երեկոյեան Պոլսոյ «Քարաքէօյ» թաղամասի հայկական կաթողիկէ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ կացարանային մասին մէջ հրդեհ բռնկած է, որու հետեւանքով մահացած են 75–ամեայ տղամարդ եւ 78–ամեայ կին մը։