Այսօր առաւօտեան ձերբակալած են ազգային հերոս Տիրան Խաչատրեանը, դիմատետրի իր էջին յայտնած է փաստաբան Վարազդատ Յարութիւնեանը։
Նշուած է, որ ՀՀ Զինուած ուժերու ընդհանուր սպայակոյտի պետի նախկին առաջին տեղակալին մեղադրանք առաջադրուած է՝ կապուած 44-օրեայ պատերազմի որոշ դրուագներու հետ։
Կալանաւորման միջնորդութիւն ներկայացուած է դատարան։