ԱՄՆ Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Անուշաւան Արք․ Դանիէլեան մասնակցած է ի պատիւ Պատրիարք Իգնատիոս Եփրեմ Բ.ի տրուած ճաշկերոյթին։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ ԱՄՆ Արեւելեան Թեմի դիմատետրեան էջէն, ուր, մասնաւորապէս, գրուած է՝
Հինգշաբթի, 2 Յունուարին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ պատրիարքական փոխանորդ Դիոնիսիոս արք. Քաուաքի հրաւէրով, ճաշկերոյթի մը մասնակցեցաւ ի պատիւ Պատրիարք Իգնատիոս Եփրեմ Բ.ի, որ ներկայիս կ՚այցելէ Միացեալ Նահաննգերը։
Ճաշի ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ Ասորի Եկեղեցւոյ Առաջնորդարանին մէջ (Փարամըս, Նիւ Ճըրզի), քննարկուեցան Սուրիոյ եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի ընթացիկ իրադարձութիւնները։