image

«Սուրիոյ նոր կառավարութիւնը հետաքրքրուած է ՀՀ-ի հետ կապերը պահելով». Հալէպահայ լրագրող

«Սուրիոյ նոր կառավարութիւնը հետաքրքրուած է ՀՀ-ի հետ կապերը պահելով». Հալէպահայ լրագրող

Նախորդ ուրբաթ՝ 6 դեկտեմբերին, հալէպահայ լրագրող, պլոկըր, թարգմանիչ Յովիկ Շեհիրեան մօտ 43 ժամուան ընթացքին Հալէպէն Դամասկոս հասած է, ճանապարհի մէկ մասը՝ ինքնաշարժով, մէկ մասը՝ քալելով: «Հետք»ի հետ զրոյցին Յովիկ կը պատմէ, որ Հալէպէն դուրս ելլելու պատճառը թրքախօս անձի մը կողմէ հեռախօսով սպառնալիք ստանալն եղած է: Ան կ'ընդգծէ, որ այդ ո՛չ խմբային եւ ո՛չ համայնքային սպառնալիք էր:

«Սուրիական մամուլով ընդդիմադիրները կը ներկայացուէին որպէս ահաբեկչական կողմ: Մեր զարմանքն այն էր, որ երբ անոնք Հալէպ մուտք գործեցին, չմօտեցան ազգային փոքրամասնութիւններուն, մանաւանդ՝ հայ համայնքին»,- կ'ըսէ Յովիկ Շեհիրեան:

Անոր հաղորդմամբ՝ իրենք տեղեկութիւններ ունէին, որ դեռ 2011-2012 թուականներէն ընդդիմադիրներու կողմէ առեւանգուած հայեր կան, սակայն կ'աւելցնէ, որ անոնց ընտանիքները վերջերս իրեն յայտնած են, թէ առեւանգուած հայերը կը գտնուին Սուրիոյ վարչակարգի բանտերը, որոնք դեռ անհասանելի են: Բանտերուն մէջ, ըստ մեր զրուցակիցին, մօտ 100 հազար մարդ կայ, որոնց մէկ մասը լրագրողներ եւ քաղաքական բանտարկեալներ են: «Կան մարդիկ, որոնք անարդարօրէն այդտեղ են: Պատկերները ցաւալի են, սարսափելի են՝ հակառակ այն քարոզչութեան, որ կար նախկին իշխանութեան ժամանակ»,- կը նշէ հալէպահայ պլոկըրը:

«Հետք»ի զրուցակիցը կ'ըսէ, որ երկրին մէջ անորոշ վիճակ կը տիրէ. «Ասիկա նոր բան է սուրիացիներուն համար: Մարտահրաւէրները շատ են: Դամասկոսը հեռու է դաշնակից երկիրներէ, կենսական նիւթերու եւ սարքերու Դամասկոս մուտք գործելը քիչ մը դժուար է, քան Հալէպի պարագային: Դամասկոսի մէջ գնաճը բաւական բարձր է, նիւթերը քիչ են: Խանութներ կան բաց, բայց գնաճը մեծ է, մթերքն ալ՝ քիչ: Դամասկոսի շատ շրջաններու մէջ ջուրը կը գնեն»:

Օգնութեան՝ աշխատանքի ընդունուելու նպատակով Յովիկ Շեհիրեան դիմած է Դամասկոս գտնուող ՀՀ դեսպանատան, սակայն այնտեղէն պատասխանած են, որ ներկայիս զբաղած են Հալէպով: Յովիկ կ'ըսէ, որ Հալէպէն բաւական թիւով հայեր դուրս ելած են, եւ դեսպանատան կողմէ անոնց աջակցելու նախաձեռնութիւն չէ եղած:

Այս յօդուածը պատրաստելու ընթացքին տեղեկացանք, որ Յովիկ վերադարձած է Հալէպ. մեր հետ զրոյցի ժամանակ ան ճանապարհին էր: Ըստ հալէպահայ լրագրողին՝ պաշտօնական մամուլի մէջ աշխատող լրագրողներուն երաշխիք տրուած է, որ կրնան վերադառնալ ու շարունակել աշխատանքը (Յովիկ կ'աշխատէր Սուրիոյ պետական SANA լրատուական գործակալութեան մէջ): Անոր պատմելով՝ ինք հիմա կը ցանկայ վերադառնալ Հալէպ, որոշ պատրաստութիւն տեսնել, ապա ետ գալ Դամասկոս, քանի որ նաեւ միջազգային լրատուամիջոցի մէջ աշխատանքի առաջարկ ստացած է:

«Հետք»ի զրուցակիցը կ'ըսէ, որ հիմա Սուրիոյ տարբեր շրջաններու մէջ ճանապարհները բաց են, ու նոր իշխանութիւնները ցանկութիւն ունին հանգիստ ձգելու ազգային փոքրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ նախկին իշխանութեան պաշտօնեաները, որոնք որեւէ «պատերազմական կամ քրէական ծրագիր»ի չեն մասնակցած: Անոնց շարքին են նաեւ լրագրողները:

Ըստ Յովիկ Շեհիրեանին՝ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, Յորդանանը, Օմանը, Իտալիան վերսկսած են իրենց դիւանագիտական գործունէութիւնը Դամասկոսի մէջ:

«Յատուկ աղբիւրներէ լուր ստացայ, որ Սուրիոյ նոր կառավարութիւնը հետաքրքրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան հետ կապերը պահելով, եւ այս առումով կապ հաստատած են քանի մը հայ մտաւորականներու հետ, որպէսզի անոնք կարողանան սատարել երկու երկիրներու իշխանութիւններու կապերու ամրապնդման»,- կ'ըսէ հալէպահայ լրագրողը:

Հալէպ քաղաքի շրջանները, մեր զրուցակիցի ներկայացմամբ, ներկայիս գրեթէ ապահով են, ու հայ համայնքը կը շարունակէ իր բնականոն գործունէութիւնը, իսկ 16 դեկտեմբերին պիտի վերաբացուին դպրոցներն ու համալսարանը: Միեւնոյն ժամանակ փակ են օդակայանները, եւ, ըստ մեր զրուցակիցին, հաւանական չէ, որ թռիչքները վերսկսին առաջիկայ օրերուն, չնայած մասնաւոր թռիչքներ գուցէ ըլլան: Այս առումով Յ. Շեհիրեան կ'աւելցնէ, որ 14 դեկտեմբերին դէպի Երեւան նախատեսուած թռիչքը չեղեալ համարուած  է:

«Հետք»ը փորձած է կապ հաստատել ՀՀ սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակին հետ, սակայն մեր զանգերն անպատասխան մնացած են:

Իր հերթին՝ Արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի խօսնակ Անի Բադալեան յայտարարած է, որ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը հետեւի Սուրիոյ զարգացումներուն: Դամասկոսի մօտ ՀՀ դեսպանութեան դիւանագիտական անձնակազմը եւ Հալէպի ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսն աշխատանքն այս պահուն կը շարունակեն Պէյրութի մէջ: Հալէպի ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութեան եւ Պէյրութի ՀՀ դեսպանատան մէջ կը գործեն թէժ գիծեր, կարելի է նամակներ ուղարկել նաեւ վերջինիս ելեկտրոնային փոստին:

«Վերջին չորս օրուան ընթացքին դեսպանութեան թէժ գիծով ստացուած զանգերու ընթացքին տրուող հարցերը կը վերաբերին անհրաժեշտ փաստաթուղթերու, գլխաւորապէս՝ ՀՀ մուտքի վիզաներու ձեւակերպման ու տրամադրման: Նշեալ բոլոր դէպքերուն ՀՀ դեսպանութեան կողմէ կը ցուցաբերուի անհրաժեշտ աջակցութիւն, անոր կարգին՝ Սուրիայէն ժամանած հայերուն վիզան անվճար տրամադրելու միջոցով: Հետագայ զարգացումներով պայմանաւորուած նոր որոշումներու վերաբերեալ կը տեղեկացուի լրացուցիչ»,- յայտնած է Բադալեան:

 

Մարինէ Մարտիրոսեան