image

Փոքրիկն Վազգէն Քանտիլեանի յուղարկաւորութիւնը՝ Երեւանի մէջ (Մահազդ)

   Փոքրիկն Վազգէն Քանտիլեանի յուղարկաւորութիւնը՝ Երեւանի մէջ (Մահազդ)

Անցնող դեկտեմբերին հալեպցի փոքրիկ Վազգէն Քանտիլեան իր մահկանացուն կնքեց Սէուտական Արաբիոյ մէջ, իսկ այսօր Երեւանի մէջ կատարուեցաւ փոքրիկ հրեշտակի  յուղարկաւորութիւնը: Հոգեհանգստեան եւ յուղարկաւորութեան կարգը կատարուած է Երեւանի  Մալաթիա-Սեբաստիա  շրջանի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։

Բնիկ հալէպցի  ծնողներու՝ Յովիկ եւ  Սալբի  Քանտիլեաններու  զաւակ՝  7-ամեայ Վազգէն Քանտիլեան տառապած էր  ծանր  հիւանդութեամբ, որուն համար ալ ծնողները կարեւոր ջանքեր  թափած են  ու  հետամուտ եղած   բժիշկներու  խորհուրդներուն ու թելադրանքներու  գործադրման։

Շրջան մը բարելաւում ունենալէ ետք փոքրիկին առողջական վիճակը կտրուկ վատթարացած է, որմէ ետք ալ    անցնող  դեկտեմբերին փակած է իր աչքերը Սէուտական Արաբիոյ մէջ՝ խոր սուգի մատնելով ծնողները, հարազատները եւ ընտանեկան բարեկամները։

Կը ցաւակցինք բոլոր հարազատներուն՝ յիշելով յատկապէս փոքրիկի քեռին, Տիար Յարութ Զգուշեանը։